Կիրակի, 18 Յուլիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հալէպի արեւմտեան արուարձանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռներ արձակեցին Հալէպի «Շահպա Ճատիտէ» թաղամասին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։
Այլ աղբիւր մը հաղորդեց, որ հրթիռները արձակուեցան Հալէպի արեւմտեան արուարձանի «Տարէթ Ազզէ» շրջանին մէջ գտնուող թրքական ուժերուն հսկողութեան կեդրոնէն։ Աղբիւրը աւելցուց, որ արձակուած հրթիռներուն տեսակը «մինի կրատ» է։