Երկուշաբթի, 19 Յուլիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ԱՄՆ կը շարունակէ սուրիական Ճեզիրէ շրջանի հարստութիւնը թալանել։
ԱՄՆ-ի ուժերը 40 փոխադրակառքերով Հասիչէի Սուէյտիէ գիւղը մուտք գործեցին, կառքերը քարիւղով լեցուցին եւ ուղղուեցան դէպի իրաքեան սահման՝ «Ալ Ուալիտ» ապօրինի միջանցքէն։
Նախօրօք ԱՄՆ-ի ուժերը 70 փոխադրակառք լեցուն թալանուած քարիւղ փոխադրած էին դէպի Իրաք։