Շա­բաթ, 17 Յու­լիս 2021-ին, Սուր­իոյ նա­խա­գահ տոքթ. Պաշ­շար ալ Ասատ նա­խա­գա­հա­կան չոր­րորդ շր­ջա­նի սահ­մա­նադ­րա­կան իր եր­դու­մը կա­տա­րեց։
Երդ­ման հան­դի­սա­ւոր արա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Սուր­իոյ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­ներ, քա­ղա­քա­կան, կու­սակ­ցա­կան, ակա­դե­մա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ լրատ­ուա­կան մար­զե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, քրիս­տոն­եայ եւ իս­լամ կրօ­նա­պետ­ներ, ինչ­պէս նա­եւ նա­հա­տակ­նե­րու եւ վի­րա­ւոր­նե­րու ըն­տա­նիք­ներ։
Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին յա­տուկ հրա­ւէ­րով, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եան, ինչ­պէս նա­եւ Սուր­իոյ Խորհր­դա­րա­նի հայ երես­փո­խան­ներ՝ տի­ար Ժի­րայր Րէ­իս­եան, դոկտ. Նո­րա Արիս­եան, դոկտ. Լիւ­սի Իս­կէն­եան եւ ՍՕ Խա­չի Շրջ. Վար­չու­թեան ան­դամ Լե­նա Էլէյճ­եան եւս ներկայ էին երդ­ման արա­րո­ղու­թեան:
Յետ երդ­ման արա­րո­ղու­թեան, նա­խա­գահ Ասատ ճառ մը ար­տա­սա­նեց, որուն ըն­թաց­քին ըսաւ.
«Կ’ոջու­նեմ ձեզ ան­կու­մով յատ­կան­շուող այս ժա­մա­նակ­նե­րուն՝ կա­յուն հայ­րե­նի­քիս անու­նով, դա­տար­կա­բա­նու­թիւն տա­րա­ծող այս ժա­մա­նակ­նե­րուն՝ փա­ռա­պանծ հայ­րե­նի­քիս, ար­եան գնով եր­կի­րը պաշտ­պա­նող ու զայն իր սր­տին ու հոգ­ւոյն մէջ պա­հող ժո­ղո­վուր­դիս անու­նով»։
Ապա շեշ­տեց, որ Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դը պա­տե­րազ­մի տա­սը տա­րի­նե­րուն իր գի­տակ­ցու­թեամբ հաս­տա­տեց, որ ազա­տու­թեան ճամ­բան բռ­նած ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ետ­դարձ չու­նին, որ­քան ալ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու հան­դի­պին։
Նա­խա­գա­հը այ­նու­հե­տեւ դի­տել տուաւ. «Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դը, որ տաս­նամ­եայ դա­ժան պա­տե­րազ­մին դէմ պայ­քա­րե­ցաւ եւ յա­ջո­ղե­ցաւ իր գրաւ­ուած հո­ղե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւնը վե­րա­զա­տագ­րել, այ­սօր ան­կաս­կած կա­րո­ղու­թիւնը ու­նի վե­րա­կանգ­նե­լու նա­եւ իր տն­տե­սու­թիւնը, հա­կա­ռակ ներ­կայ դժ­ուար պայ­ման­նե­րուն»։
Ապա աւելց­նե­լով ըսաւ, որ սուր­ի­ա­կան բռ­նագ­րաւ­ուած մնաց­եալ հո­ղե­րը ահա­բեկ­չու­թե­նէն, ամե­րիկ­եան եւ թր­քա­կան ու­ժե­րէն ազա­տագ­րե­լը մեր առաջ­նա­յին մար­տահ­րա­ւէրն է։ Բռ­նագ­րա­ւիչ ու­ժե­րը պա­տե­րազ­մի սկզբ­նա­կան շր­ջա­նին ջա­նա­ցին ահա­բեկ­չու­թեամբ սար­սա­փի մատ­նել մեր ժո­ղո­վուր­դը եւ Սուր­իոյ քա­ղա­քա­ցին վե­րա­ծել վարձ­կա­նի, որ­պէս­զի ան վա­ճա­ռէ իր հայ­րե­նի­քը եւ դառ­նայ թշ­ուառ եւ դժ­բախտ իր իսկ երկ­րին մէջ, սա­կայն Սուր­իոյ վե­հանձն ժո­ղո­վուր­դը չտար­ուե­ցաւ այդ խա­բու­սիկ արարք­նե­րով եւ տի­րու­թիւն ըրաւ իր հայ­րե­նի­քին։
Իր ար­տա­սա­նած ճա­ռին մէջ նա­խա­գահ Ասատ ընդգ­ծեց երկ­րին քա­ղա­քա­կան եւ տն­տե­սա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ 7 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Նա­խա­գա­հը շեշ­տեց, որ Սուր­իոյ տն­տե­սու­թեան կա­յու­նաց­ման ամե­նա­մեծ ար­գելք­նե­րէն մէկն ալ սուր­ի­ա­ցիներու շուրջ 40-60 միլ­ի­առ ամն տո­լա­րի ար­ժո­ղու­թեամբ գու­մար­նե­րու  Լի­բա­նա­նի դրա­մա­տու­նե­րուն մէջ պահ դր­ուած ու ար­գե­լա­փակ­ուած ըլ­լալն է։ ԱՄՆ-ի տո­լա­րին դի­մաց սուր­ի­ա­կան լի­րա­յի փո­խար­ժէ­քին կա­յու­նաց­ման անդ­րա­դառ­նա­լով նա­խա­գա­հը ըսաւ . «Սուր­ի­ա­կան լի­րա­յի փո­խար­ժէ­քի պահ­պան­ման ար­շա­ւը փաս­տեց, որ կա­րո­ղու­թիւն­ներ ու­նինք, սա­կայն աւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծե­լու ծրա­գիր պէտք է մշա­կել եւ յար­մար պայ­ման­ներ ստեղ­ծել սուր­ի­ա­կան լի­րա­յին ար­ժէ­քը պա­հե­լու հա­մար»։ Ան յայտ­նեց, որ Սուր­իոյ տն­տե­սա­կան  պա­շա­րու­մը ոչ միայն կը դժ­ուա­րաց­նէր ժո­ղո­վուր­դին հիմ­նա­կան կա­րիք­նե­րու ապա­հո­վու­մը, այ­լեւ կը խեղ­դէր զինք։ Ապա ըսաւ, որ Սուր­իոյ տն­տե­սա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու վե­րա­ցու­մը անհ­րա­ժեշտ է, սա­կայն երկ­րի տն­տե­սու­թեան ար­տադ­րա­կան ոլոր­տին զար­գա­ցու­մը իրա­վի­ճա­կի բա­րե­լաւ­ման կր­նայ նպաս­տել։
Անդ­րա­դառ­նա­լով ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ոլոր­տին, նա­խա­գահ Ասատ յայտ­նեց, որ ներ­կա­յիս Սուր­իոյ մէջ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ծա­ւա­լուն հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն թիւը 3300-ի սահ­մա­նը ան­ցած է։ Ան հաս­տա­տեց, որ յա­ռա­ջի­կայ փու­լին ներդ­րում­նե­րը պի­տի կեդ­րո­նա­նան այ­լընտ­րան­քա­յին ջեր­մու­ժի ապա­հով­ման վրայ՝ ջեր­մու­ժը էա­կան հա­մա­րե­լով երկ­րի տն­տե­սա­կան ծրա­գիր­նե­րու իրա­կա­նաց­ման ճամ­բուն։
Այս առի­թով նա­խա­գա­հը ըսաւ. «Յա­ռա­ջի­կայ փու­լը պի­տի կրէ «ար­տադ­րու­թեան բա­րե­լա­ւում» վեր­նա­գի­րը։ Հոս պե­տու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւնն է ներդ­րու­մա­յին ծրա­գիր­նե­րու հո­րի­զո­նը ընդ­լայ­նել։ Հա­մա­հա­ւա­սար կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն նա­եւ գիւ­ղատն­տե­սա­կան եւ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան հատ­ուած­նե­րը»։
Եզ­րա­փա­կե­լով իր ճա­ռը նա­խա­գա­հը յայտ­նեց, որ Սուր­իա երախ­տա­պարտ է իր դաշ­նա­կից­նե­րուն՝ Իրա­նի եւ Ռուս­իոյ, սուր­ի­ա­կան հո­ղե­րու ազա­տագր­ման իրենց ներդ­րու­մին հա­մար։