9-էն 10 Յու­լիս, 2021-ին Ատր­պէյ­ճա­նի բռ­նա­պե­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը քա­րոզ­չա­կան գայ­թակ­ղիչ պտոյտ մը կազ­մա­կեր­պեց դէ­պի բռ­նագ­րաւ­ուած Շու­շի եւ Հադ­րութ՝ օտա­րերկ­րա­ցի դես­պան­նե­րուն «հպար­տօ­րէն» ցոյց տա­լու իր բար­բա­րո­սա­կան յար­ձա­կու­մը Ար­ցա­խի քա­ղա­քաց­ի­ա­կան բնակ­չու­թեան վրայ եւ շր­ջա­նի հայ­կա­կան ամէ­նէն սուրբ տա­ճար­նե­րէն մէ­կուն իր ձեռ­քով մաս­նա­կի աւե­րու­մը։
Ներ­կա­յաց­նե­լէ առաջ ցու­ցա­կը՝ նշ­եալ այ­ցե­լու­թեան մաս­նակ­ցած դես­պան­նե­րու եր­կիր­նե­րուն,  որոնք այս­պի­սով բա­ցա­յայ­տե­ցին իրենց թշ­նա­ման­քը Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ, կա­րե­ւոր է նշել, որ Ֆրան­սա­յի, Ռուս­իոյ եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան­նե­րը,  որոնք մաս կը կազ­մեն ար­ցախ­եան հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման Մինս­քի միջ­նորդ­նե­րու խում­բին, մեր­ժե­ցին մաս­նակ­ցիլ այս խեղ­կա­տա­կու­թեան, բան մը, որ մե­ծա­պէս զայ­րա­ցուց Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը։ Այս­պի­սով, Մինս­քի խում­բը ցոյց տուաւ, որ շա­հագրգռ­ուած չէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի որոշ տա­րածք­նե­րու բռ­նագ­րաւ­ման հան­դի­սա­ւոր ցու­ցադր­մամբ։ Հա­կա­ռակ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ալի­ե­ւի կա­տա­րած բազ­մա­թիւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն՝ Մինս­քի խում­բը Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցը տա­կա­ւին լուծ­ուած չի նկա­տեր: Նշ­եալ երեք մեծ եր­կիր­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւնը այս քա­րոզ­չա­կան պտոյ­տէն ապ­տակ է՝ նետ­ուած Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ­քին:
Ահա՛ այն 46 եր­կիր­նե­րը, որոնք անա­մօ­թա­բար մաս­նակ­ցե­ցան դէ­պի Շու­շի քա­ղաք այս գայ­թակ­ղիչ այ­ցե­լու­թեան. Աֆ­ղա­նիս­տան, Ալ­ճեր­իա, Աւստր­իա, Պե­լա­ռուս, Պել­ճի­քա, Պրա­զիլ, Պուլ­կար­իա, Չի­լի, Չի­նաս­տան, Քո­լումպ­իա, Խր­ուաթ­իա, Էս­թոն­իա, Վրաս­տան, Յու­նաս­տան, Հուն­գար­իա, Իրան, Իրաք, Իս­րա­յէլ, Իտալ­իա, Ճա­փոն, Յոր­դա­նան, Ղա­զախս­տան, Լաթվ­իա, Լիպ­իա, Լիթ­վան­իա, Մա­լէզիա, Մեք­սի­քա, Մա­րոք, Հո­լան­տա, Բա­քիս­տան, Պա­ղես­տին, Լե­հաս­տան, Քա­թար, Ռու­ման­իա, Սէ­ու­տա­կան Արաբ­իա, Սերպ­իա, Սլո­վաք­իա, Հա­րա­ւա­յին Քո­ր­էա, Սու­տան, Շուէտ, Զուի­ցեր­իա, Տաճ­կաս­տան, Թուրք­իա, Արա­բա­կան Մի­աց­եալ Էմի­րու­թիւն­ներ, Ուք­րան­իա եւ Վե­նեզ­ուել­լա: Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ գո­յու­թիւն ու­նին 63 այլ եր­կիր­նե­րու օտա­րերկ­րա­ցի դես­պա­նա­տու­ներ. այս կը նշա­նա­կէ, որ 17 դես­պան­ներ մեր­ժած են մաս­նակ­ցիլ քա­րոզ­չա­կան այ­ցե­լու­թեան, նե­րառ­եալ Ար­ժան­թին, Քու­պա, Եգիպ­տոս, Գեր­ման­իա, Մեծն Բրի­տան­իա եւ Հնդ­կաս­տան՝ ի լրումն Ֆրան­սա­յի, Ռուս­իոյ եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու:
Այն եր­կիր­նե­րը, որոնք մաս­նակ­ցած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան պտոյ­տին, պէտք է խս­տա­գոյնս քն­նա­դատ­ուին եւ դա­տա­պարտ­ուին հա­մայն հա­յու­թեան կող­մէ: Աւե­լի՛ն. այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ ապ­րող հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րը պէտք է խս­տօ­րէն ար­տա­յայ­տեն իրենց ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւնը: Երե­ւա­նի մէջ պէտք է ցոյ­ցեր կազ­մա­կերպ­ուին այդ եր­կիր­նե­րու դես­պա­նա­տու­նե­րուն առ­ջեւ եւ բո­ղո­քի նա­մակ­ներ յղ­ուին անոնց հա­մա­պա­տաս­խան կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն:
Ան­շուշտ, այս պտոյ­տին ամէ­նէն ամօ­թա­լի մաս­նա­կի­ցը Յու­նաս­տա­նի դես­պանն է. եր­կիր մը, որ են­թադ­րա­բար պէտք է ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կա­մը: Բա­ցի Հա­յաս­տա­նին դա­ւա­ճա­նե­լէ, Յու­նաս­տան խախ­տեց նա­եւ իր շա­հերն ու սկզ­բունք­նե­րը՝ մաս­նակ­ցե­լով այս գայ­թակ­ղիչ պտոյ­տին: Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նը կար­ծես մոռ­ցած ըլ­լայ, որ անց­եալ տա­րի ար­ցախ­եան պա­տե­րազ­մի ամէ­նէն տաք շր­ջա­նին Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը այ­ցե­լեց Երե­ւան՝ ցոյց տա­լու հա­մար իր երկ­րին զօ­րակ­ցու­թիւնը՝ Հա­յաս­տա­նի: Ինք նա­եւ մոռ­ցած պէտք է ըլ­լայ վի­րա­ւո­րա­կան եւ ոչ դիւա­նա­գի­տա­կան այն խօս­քե­րը, զորս նա­խա­գահ Ալի­եւ օգ­տա­գոր­ծեց իրեն դէմ՝ երբ Պաք­ուի մէջ իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րը կը յանձ­նէր անոր:
Ես ու­րախ եմ, որ յու­նա­կան լրատ­ուա­կան մի­ջոց­նե­րը եւ Յու­նաս­տա­նի հայ­կա­կան հա­մայն­քը կոշտ ար­ձա­գան­գե­ցին երկ­րի դես­պա­նին Շու­շի կա­տա­րած չա­փա­զանց աղէ­տա­լի այ­ցին եւ Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին կոչ ըրին ներ­կա­յա­նա­լու խորհր­դա­րան՝ բա­ցատ­րու­թիւն տա­լու հա­մար: Պաք­ուի մէջ Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նը արդ­եօք ստա­ցա՞ծ է իր կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մա­ձայ­նու­թիւնը Շու­շի կա­տա­րած իր այ­ցե­լու­թե­նէն առաջ, յայտ­նի չէ։ Եթէ ստա­ցած է, ու­րեմն աւե­լի մեծ գայ­թակ­ղու­թիւն մըն է, որ կը հա­սուն­նայ։ Այս­ուա­մե­նայ­նիւ, եթէ Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նը մին­չեւ Շու­շի իր այ­ցը չէ՛ ստա­ցած իր երկ­րին հա­մա­ձայ­նու­թիւնը այդ մա­սին, բան մը, որ քիչ հա­ւա­նա­կան է, ու­րեմն, պէտք է որ շու­տով ան ազատ ար­ձակ­ուի իր պաշ­տօ­նէն…
Յու­նաս­տա­նին իր երախ­տա­գի­տու­թիւնը յայտ­նե­լու փո­խա­րէն, Ատր­պէյ­ճան  անար­գա­կան  վե­րա­բե­րում ցու­ցա­բե­րեց անոր նուաս­տա­ցու­ցիչ  գոր­ծո­ղու­թեան՝ խորհր­դա­րա­նա­կան իր առա­ջին պատ­ուի­րա­կու­թիւնը ու­ղար­կե­լով Թուրք­իոյ կող­մէ գրաւ­ուած, այս­պէս կոչ­ուած՝ Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Հան­րա­պե­տու­թիւն, որ ճանչց­ուած է միայն Թուրք­իոյ կող­մէ: Տե­ղե­կու­թիւն­ներ կան, որ Ատր­պէյ­ճան շու­տով կր­նայ ճանչ­նալ Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի պե­տա­կա­նու­թիւնը: Եթէ այս­պի­սի բան պա­տա­հի, ապա Յու­նաս­տան պէտք է որ Երե­ւա­նի իր դես­պա­նը ան­մի­ջա­պէս Ար­ցա­խի մայ­րա­քա­ղաք Ստե­փա­նա­կերտ ղր­կէ եւ յայ­տա­րա­րէ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տութ­եան ճա­նա­չու­մը: Ա՛յս կ’ըլ­լայ մի­ակ մի­ջո­ցը, որով Յու­նաս­տան կր­նայ հա­տու­ցել իր դես­պա­նին ան­խո­հեմ քայ­լը եւ պատ­շաճ պա­տաս­խա­նը տալ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի ճա­նաչ­ման:
Յու­նաս­տա­նի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի բո­ղո­քին առըն­թեր, Պել­ճի­քա­յի եւ Հո­լան­տա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը եւս նմա­նա­տիպ  բո­ղոք­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցած են իրենց կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն: Բո­ղոք­ներ պէտք է ներ­կա­յաց­ուին նա­եւ մաս­նա­կից միւս եր­կիր­նե­րու, մաս­նա­ւո­րա­պէս Աւստր­իոյ, Պրա­զի­լի, Պուլ­կար­իոյ, Էս­թոն­իոյ, Վրաս­տա­նի, Իրա­նի, Իրա­քի, Իս­րա­յէ­լի, Իտալ­իոյ, Յոր­դա­նա­նի, Լաթվ­իոյ, Լիթ­վան­իոյ, Մեք­սի­քա­յի, Լե­հաս­տա­նի, Քա­թա­րի, Ռու­ման­իոյ, Սերպ­իոյ, Շուէ­տի, Զուի­ցեր­իոյ, Արա­բա­կան Մի­աց­եալ Էմի­րու­թիւն­նե­րու, Ուք­րան­իոյ եւ Վե­նեզ­ուել­լա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն։
Ու­րախ եմ, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ տա­րա­ծե­ցին՝ դա­տա­պար­տե­լով Պաք­ուի մէջ օտա­րերկ­րա­ցի դես­պան­նե­րու Շու­շի այ­ցե­լու­թիւնը.  «Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը բա­ցար­ձա­կա­պէս անըն­դու­նե­լի կը գտ­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ հա­ւա­տար­մագր­ուած դիւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու այ­ցե­լու­թիւնը Ար­ցա­խի բռ­նագ­րաւ­ուած տա­րածք­ներ, որոնց շար­քին՝ Հադ­րութ եւ Ար­ցա­խի պատ­մա­կան կեդ­րոն՝ Շու­շի քա­ղաք, որոնք են­թարկ­ուած են ցե­ղա­յին զտում­նե­րու, իսկ բնակ­չու­թեան նկատ­մամբ Ատր­պէյ­ճա­նի զին­ուած ու­ժե­րու կող­մէ իրա­գործ­ուած են պա­տե­րազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ եւ զանգ­ուա­ծա­յին ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­ներ»։ Ընդգծ­ուե­ցաւ, որ նմա­նա­տիպ ձեռ­նարկ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով՝ «Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձեն օրի­նա­կա­նաց­նել Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի դէմ իրա­կա­նաց­ուած յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թիւնը եւ ամ­րապն­դել պա­տե­րազ­մը ու­ժի կի­րառ­մամբ լու­ծե­լու սե­փա­կան պն­դում­նե­րը», յայ­տա­րա­րեց Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնը, որ նա­եւ այդ դես­պան­նե­րուն յանձ­նեց բո­ղո­քի գրու­թիւն՝ ուղղ­ուած իրենց կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն:
Ար­ցա­խի բռ­նագ­րաւ­ուած տա­րածք­ներ այ­ցե­լե­լու փո­խա­րէն, Պա­քու գտ­նուող օտա­րերկ­րա­ցի դես­պան­նե­րը պէտք է մի­աց­եալ յայ­տա­րա­րու­թեամբ հան­դէս գա­յին՝ դա­տա­պար­տե­լով Ատր­պէյ­ճա­նը՝ սուր­ի­ա­ցի ահա­բե­կիչ­ներ ար­ցախ­եան պա­տե­րազ­մին մէջ ներգ­րա­ւե­լու, ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ եւ ցե­ղա­յին զտում­ներ կա­տա­րե­լու, հայ­կա­կան կրօ­նա­կան եւ պատ­մա­կան յու­շար­ձան­ներ ոչն­չաց­նե­լու եւ հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րը պա­տե­րազ­մի աւար­տէն 10 ամիս ետք եւս գե­րութ­եան մէջ պա­հե­լու հա­մար՝ խախ­տե­լով մի­ջազ­գա­յին  oրէն­քի չա­փա­նիշ­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ 9 Նո­յեմ­բեր 2020-ին Հա­յաս­տա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Ռուս­իոյ ղե­կա­վար­նե­րու կող­մէ ստո­րագր­ուած հա­մա­ձայ­նա­գի­րը:
Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ամէն առի­թով պէտք է յի­շեց­նեն Երե­ւա­նի մէջ հա­ւա­տար­մագր­ուած օտա­րերկ­րա­ցի դես­պան­նե­րուն՝ Ատր­պէյ­ճա­նի իրենց գոր­ծըն­կեր­նե­րուն Շու­շի այ­ցե­լու­թեան անըն­դու­նե­լի մաս­նակ­ցու­թեան մա­սին։ Նմա­նա­պէս, Հա­յաս­տա­նը նա­խա­տող դես­պան­նե­րուն եր­կիր­նե­րը ապ­րող հա­յե­րը պէտք է որ իրենց դժ­գո­հու­թիւնը ար­տա­յայ­տեն իրենց կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն: Շա­րու­նա­կե­լով բո­ղո­քել ընդ­դէմ այս այ­ցե­լու­թեան, հա­յե­րը կ’ապա­հո­վեն այն, որ աս­կէ ետք այդ եր­կիր­նե­րը եւ անոնց դես­պան­նե­րը Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ աւե­լի լուրջ կը մտա­ծեն՝ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­ձեռ­նած քա­րոզ­չա­կան այլ տե­սա­կի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու գծով իրենց հա­մա­ձայ­նու­թիւնը տա­լէ առաջ։
Մի­ակ պատ­շաճ պա­տաս­խա­նը Ատր­պէյ­ճա­նի քա­րոզ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն այն կ’ըլ­լայ, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը Երե­ւա­նի մէջ հա­ւա­տար­մագր­ուած օտա­րերկ­րա­ցի դես­պան­նե­րու հա­մար պտոյտ կազ­մա­կեր­պէ դէ­պի Ար­ցա­խի մայ­րա­քա­ղաք Ստե­փա­նա­կերտ: Արդ­եօք Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը կը հա­մար­ձա­կի՞ նման քայլ կա­տա­պրել եւ կը յա­ջո­ղի՞ զայն իրա­կա­նաց­նել: Այս­ուա­մե­նայ­նիւ, նախ­քան նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը ծրագ­րե­լը, վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նա­կա­տար Նի­կոլ Փա­շին­եան պէտք է  որ  նշա­նա­կէ ար­տա­քին գոր­ծոց նոր նա­խա­րար, որուն աթո­ռը թա­փուր մնա­ցած է եր­կու ամի­սէ ի վեր:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Յարութ Սասունեան