Դարձ­եալ կ’անդ­րա­դառ­նամ այս երե­ւոյ­թին ու­րա­խու­թեամբ, յու­զու­մով, մտա­հո­գու­թեամբ, այո՛,  չեմ կր­նար չանդ­րա­դառ­նալ:
Դի­մա­տետ­րի մէջ, իրար ետե­ւէ տե­ղադր­ուած են Հա­լէ­պի երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու պա­քա­լոր­իա­յի պե­տա­կան քն­նու­թեանց յա­ջո­ղած աշա­կերտ­նե­րու ան­ուա­նա­ցան­կե­րը, իւ­րա­քան­չիւր ան­ուան կող­քին ալ յիշ­ուած են անոնց հա­ւա­քած նի­շե­րը: Յա­ջո­ղու­թեանց տո­կո­սը բարձր է, ինչ­պէս միշտ, ինչ­պէս նա­խա­պա­տե­րազմ­եան տա­րի­նե­րուն: Ոչինչ փո­խած է պա­տե­րազ­մը մեր հայ աշա­կերտ­նե­րու ջա­նա­սէր աշ­խա­տան­քէն, ո՛չ ելեկտ­րա­կա­նու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւնը, ո՛չ վա­րե­լա­նիւ­թի պատ­ճա­ռով ջեր­մու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւնը, ոչ ալ սնն­դա­տե­սակ­նե­րու նուա­զու­մը ան­նա­խըն­թաց սղա­ճի պատ­ճա­ռով: Մի­ակ փոխ­ուած բա­նը աշա­կեր­տու­թեան թիւն է, որ պակ­սած է, շա՛տ պակ­սած, նախ­կի­նին քա­ռոր­դը մնա­ցած, եր­բեմն աւե­լի՛ նուազ: Որա­կէն բան չէ փոխ­ուած, սա­կայն քա­նա­կը տու­ժած է: Պարզ է, Հա­լէ­պա­հա­յու­թեան նա­խա­պա­տե­րազմ­եան  բնակ­չու­թեան քա­ռոր­դը մնա­ցած է, որուն հետ  ու­րիշ բա­ներ ալ նոյն հա­մե­մա­տութ­եամբ նուա­զած են:
Պա­տե­րազ­մի մէջ մեծ­ցած այս սե­րուն­դը դժ­ուար ճա­նա­պարհ կըտ­րեց մին­չեւ յա­ջո­ղու­թիւն, սա­կայն դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը զի­րենք յու­սալ­քու­մի առաջ­նոր­դե­լու փո­խա­րէն, կո­փե­ցին զի­րենք ու դարձ­ուցին աւե­լի՛ ինք­նավս­տահ, աւե­լի՛ զօ­րա­ւոր կամ­քով եւ ոգիով ու աւե­լի՛ դի­մաց­կուն, կեան­քի դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը դի­մա­կա­յե­լու հա­մար: Իսկ անոնց ծնող­նե՞րը… հե­րոս­ներ չե՞ն անոնք, որ տա­րա­տե­սակ զր­կանք­ներ կրե­լով հան­դերձ, եր­բեմն հա­յու անձ­նա­կան հպար­տու­թիւնն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը մէկ կողմ դրած, բա­րե­սի­րա­կան կեդ­րոն­նե­րը ափ առին, պար­զա­պէս նուա­զա­գոյն կեն­սա­մա­կար­դակ մը ապա­հո­վե­լու եւ իրենց զա­ւակ­նե­րը ու­սու­մէ չզր­կե­լու հա­մար:
Կը պատ­կե­րաց­նեմ այդ ծնող­նե­րուն հո­գե­կան ցն­ծու­թիւնը ի տես իրենց զա­ւակ­նե­րուն յա­ջո­ղութ­եան: Անոնք մոռ­ցան իրենց բո­լոր զր­կանք­նե­րը, քա­նի որ վար­ձատր­ուե­ցան իրենց զա­ւակ­նե­րուն յա­ջո­ղու­թեամբ:
Այս խան­դա­վա­ռու­թե­նէն ետք, կու գայ լր­ջա­նա­լու պա­հը, որ իր հետ կը բե­րէ ապա­գա­յի բազ­մա­թիւ մտա­հո­գու­թիւն­ներ: Փառք Սուր­իոյ, որ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սու­մը երկ­րի բո­լոր հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ ձրի է, (Ինչ­պէս ձրի է ու­սու­մը  նա­խակր­թա­րա­նէն մին­չեւ միջ­նա­կարգ ու երկ­րոր­դա­կան բո­լոր պե­տա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ): ան­շուշտ հա­մալ­սա­րա­նա­կան տղան կամ աղ­ջի­կը ման­կա­կան ու պա­տա­նե­կան տա­րի­քէն տար­բեր կա­րիք­ներ ու­նին. ծնող­նե­րը անոնց ալ պի­տի հաս­նին: Սա­կայն, ինչ­պէ՞ս: Ծնող­քի  եկա­մու­տո՞վ, երբ ան­հա­տա­կան գոր­ծե­րը փայ­լուն ըլ­լա­լէ շատ հե­ռու են, իսկ եթէ պաշ­տօն­եայ են, ապա անոնց ամ­սա­կան աշ­խա­տա­վար­ձը 20-30 տո­լա­րի սահ­ման­նե­րը չ’անց­նիր:
Պե­տու­թիւնը տա­կա­ւին վեր­ջերս հա­ցին ու վա­ռե­լա­նիւ­թին գի­նե­րը եռա­պատ­կեց, սա­կայն անոնց զու­գա­հեռ պաշ­տօն­եա­նե­րուն ամ­սա­կան­նե­րը 50%-ով աւել­ցուց, այն­պէս որ, ըստ պե­տա­կան հա­ղոր­դագ­րութ­եան որե­ւէ պաշ­տօն­եա­յի ամ­սա­կա­նը նուա­զա­գոյն 22 տո­լար ըլ­լայ: 22՞ $… Արեւմտ­եան կողմն աշ­խար­հի մէջ ապ­րող­նե՛ր, կա­տակ չկար­ծէք, իրա­կան է, եւ բնաւ Սուր­ի­ան ամօ­թի սիւ­նին չգա­մէք, որով­հե­տեւ այս բո­լո­րին պատ­ճա­ռը արեւ­մուտքն է եւ մեր կող­մե­րու անոնց գոր­ծա­կից­նե­րը, որոնք տա­սը տարիէ ի վեր կը քան­դեն Սուր­ի­ան, ուր մեղր ու կա­րագ կը հո­սէր պա­տե­րազ­մէն առաջ, ուր ամէն մարդ ինք­նա­բաւ էր, շու­կա­նե­րը լե­ցուն ամէն տե­սա­կի բա­րիք­նե­րով, առատ ու աժան, ան­գոր­ծու­թիւն չկար, ապա­հո­վու­թիւնը բա­ցա­ռիկ: Իս­րա­յէ­լի սի­րոյն ին­չի՞ վե­րա­ծե­ցիք այս եր­կի­րը:
Հի­մա կը մտա­ծեմ, մեր այս շըր­ջա­նա­ւարտ­ներն ալ ձե­ւով մը եթէ աւար­տեն իրենց հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սու­մը եւ վկայ­ուին, ի՞նչ պի­տի աշ­խա­տին, այս պայ­ման­նե­րուն մէջ ո՞ւր գործ պի­տի գտ­նեն, որ   ըն­տա­նիք կազ­մեն ու բար­ւոք կեանք մը ապա­հո­վեն:
Կը շնոր­հա­ւո­րեմ ձեզ, սի­րե­լի՛ շր­ջա­նա­ւարտ­ներ, կը խն­դակ­ցիմ ձեր ծնող­նե­րուն, վարձ­քը կա­տար մեր կր­թա­կան մշակ­նե­րուն: Կա­մե­նա­լը՝ կա­րե­նալ է, օրե­րը յղի են անակն­կալ­նե­րով: Չյու­սա­հա­տիք. ձեր գլուխ­նե­րը բարձր դի­մա­ւո­րե­ցէք ապա­գան: Բա­րին ընդ ձեզ:
Յակոբ Միքայէլեան