Յոյսը համբերութեան գործակիցն է:
Յոյսը տոկուն մնալու մղիչ ուժն է:
Յոյսը պայքարելու հրաւիրող ռազմակոչ է:
Յոյսին սահմանը ընդարձակողը պայծառատես է:
Յոյսին կառչած մնացողը աննկուն կամքով զինուած է:
Յուսահատը միայն Աւագ Ուրբաթ կ’ապրի, չի կրնար Յարութեան խորհուրդով մխիթարուիլ:
Յուսահատը կեանքին գարունը չի կրնար ապրիլ:
Յուսահատ մարդը կը մոռնայ որ հրաշքը կարելի է:
Յուսահատ մարդուն կեանքի բառարանին մէջ միայն ժխտական մասնիկներ կան:
Յուսացողը տխուր իրավիճակին ընդմէջէն բարի աւարտ մը տեսնելու տեսիլքով կ’ապրի:
Փառաբանութիւնը Ծաղկազարդ է
Մեկուսի աղօթքը՝ Ձիթենեաց լեռ
Հաւաքական աղօթքը՝ պայծառակերպութեան լեռ
Ուսուցումի հետեւիլը՝ լերան քարոզ
Տիրոջ նուիրուիլը՝ Տեառնընդառաջ
Խոնարհութիւնը՝ ոտնլուայ
Հնազանդութիւնը Խաչի ճամբայ
Յաղթութիւնը՝ Յարութիւն
Արքայութեան հասնիլը՝ Համբարձում:
Եկեղեցին հիւանդանոց է
Հրեշտակները՝ հիւանդապահ
Շարականները՝ ցաւազրկիչ
Քարոզները՝ դեղատոմս
Պատարագը՝ պատուաստ
Ուսուցումները՝ սննդամթերք
Հաղորդութիւնը -Անմահութեան դեղ-
Կիրակին՝ ձայն օրհնութեան
Տօները՝ հրաւէր արթնութեան:
Հիւրասէրը մարդասէր է, մարդասէրն ալ՝ աստուածասէր:
Հիւրընկալը տունին դուռը եւ սրտին դուռը կը բանայ այցելուին:
Մարդուն յարգալիր վարմունքը մաքուր նկարագրին նշաններէն է:
Բամբասողը որոմ սերմանող, ճշմարտութիւնը ծածկող եւ միտքերը պղտորող է:
Շատախօսը երկխօսութեան օրէնքը կը խախտէ եւ մենախօսութիւն կը կատարէ:
Դժգոհ մարդը միայն ուրիշին ունեցածը կը տեսնէ եւ իր ունեցածով բնաւ չի գոհանար:
Անկուշտ մարդուն ստամոքսը կափարիչ չունի:
Աստուծոյ փառք տալով մեր երախտագիտութիւնը յայտնած կ’ըլլանք:
Տնեցիներով ճաշէն առաջ աղօթելը սեղանի օրհնութեան ծառայող խօսուն երեւոյթ է:
Աշխատելով ժամանակը լաւապէս կ’օգտագործենք:
Ծառայելով ժամանակը իրողապէս կ’արժեւորենք:
Աղօթելով ժամանակը սուրբ նպատակի կը յատկացնենք:
Կարդալով ժամանակը դասապահի կը վերածենք:
Ծոյլին ժամանակի շրջագիծը աւելի նեղ է:
Ժամերը մասնիկն են օրուան, օրերը բաժինն են տարուան, իսկ տարիները հաշուական պատկերն են կեանքին:
Լուսեղէն մտածումներով ժամանակը  վատնելէ կը զգուշանանք:
Ժամը քաղցրահամ է երբ կայ սէր, ժամը բարեկամ է երբ կայ խաղաղութիւն:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան