Կա­րե­լի չէ հասկ­նալ եր­կի­րի մը վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, տնօ­րի­նած որո­շում­նե­րը եւ ընդ­հա­նուր իր էու­թիւնը, առանց տի­րա­պե­տե­լու անոր քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գին առն­չուող գի­տե­լիք­նե­րու, քա­նի այս վեր­ջինն է որ կեն­դա­նի պատ­կե­րը կը հան­դի­սա­նայ բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րուն առ­հա­սա­րակ: Ի՞նչ է հա­մա­կար­գը, ի՞նչ է անոր նշա­նա­կու­թիւնը, ինչ­պէ՞ս  այդ հա­մա­կար­գին ծա­նօթ ըլ­լա­լը կ’օժան­դա­կէ եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու ընբռ­նու­մին, այս շար­քի հար­ցում­նե­րուն պի­տի պա­տաս­խա­նեն ներ­կայ եւ յա­ջոր­դող յօդ­ուած­նե­րը:
Հա­մա­կար­գը, հա­սա­րա­կա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, կարգ ու օրի­նա­կու­թիւն հաս­տա­տողն է, որ կը մարմ­նաց­նէ իր մէջ դա­սա­ւո­րու­մի ու կար­գա­ւոր­ման գա­ղա­փար­նե­րը: Անոր նպա­տակն է հա­մադ­րել տար­բեր դե­րա­կա­տար­նե­րու կող­մէ ձեռ­նարկ­ուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, նպա­տակ ու­նե­նա­լով յա­ջողց­նել իւ­րա­քան­չիւ­րին աշ­խա­տան­քը եւ կա­տա­րե­լա­պէս իրա­կա­նաց­նել գե­րա­գոյն նպա­տակ­նե­րը այս կամ այդ կող­մին առն­չուող: Թէ­եւ որե­ւէ հա­մա­կարգ կա­րե­լի չէ ֆի­զի­քա­պէս շօ­շա­փել, սա­կայն անոր գո­յու­թե­նէն կը բխին երե­ւե­լի­ներ, որոնց օրի­նակ­նե­րէն են հե­տեւ­եալ­նե­րը. կա­ռոյց­ներ, հաս­տա­տու­թիւն­ներ, անոնց մի­ջեւ գո­յա­ցած պաշ­տօ­նա­կան յա­րա­բե­րա­կան խո­ղո­վակ­ներ ու կա­պեր, աշ­խա­տան­քը դա­սա­ւո­րող օրէնք­ներ ու կա­նոն­ներ, առա­ւե­լա­բար, ընդ­հա­նուր աշ­խա­տան­քի ոճ ու եղա­նակ:
Հա­մա­կար­գե­րու տե­սակ­նե­րը կը տար­բե­րին ըստ աս­պա­րէ­զի, այս մէ­կը ըսե­լով, պէտք է հասկ­նալ որ իւ­րա­քան­չիւր բնա­գա­ւառ (քա­ղա­քա­կան, տն­տե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին, ըն­տա­նե­կան…) ու­նի հա­մա­պա­տաս­խան տա­րա­տե­սակ հա­մա­կար­գեր, եւ մաս­նա­գի­տա­ցած մար­դիկ են, որոնք տրա­մա­բա­նա­կան ձե­ւով կը կա­պեն տար­բեր աս­պա­րէզ­նե­րու հա­մա­կար­գե­րը իրա­րու հետ, ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը ձե­ւա­կեր­պե­լու:
Յիշ­ուած միտ­քե­րը յս­տա­կաց­նե­լու նպա­տա­կով անհ­րա­ժեշտ կը հա­մա­րեմ անդ­րա­դառ­նալ գործ­նա­կան օրի­նա­կի մը: Եթէ խօ­սինք կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մար­զէն ներս, օրի­նակ վերց­նե­լով կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, կա­րե­լի է զա­նա­զա­նել զա­նոնք տար­բեր հա­մա­կար­գե­րու մէջ՝ հա­մա­ձայն իւ­րա­քան­չիւր հա­մա­կար­գէ ներս տի­րող մօ­տե­ցու­մին: Լի­ա­զօ­րու­թիւն­նե­րու եւ ու­ժի բաշխ­ման մօ­տե­ցու­մով կը զա­նա­զան­ուին կեդ­րո­նա­ցած ու ապա­կեդ­րո­նա­ցած կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, գոր­ծե­լա­կեր­պի իմաս­տով՝ խա­ղաղ եւ բռ­նի ու­ժով, օրի­նա­ւոր ու ապօ­րի­նի ձե­ւեր թոյ­լատ­րող կու­սակ­ցա­կան հա­մա­կար­գեր, ան­դա­մակ­ցու­թեան մօ­տե­ցու­մով, բաց կամ փակ, ազ­գա­յին ու ապազ­գա­յին…
Վեր­ջա­ւո­րու­թեան, տար­բեր մօ­տե­ցում­ներ ըմբռ­նե­լէ ետք կը հաս­նինք գնա­հա­տան­քի մը այս կամ այդ կա­զա­մա­կեր­պու­թեան շուրջ, եւ շատ դիւ­րին կը դառ­նայ տրա­մա­բա­նել անոր որո­շում­նե­րը, դիր­քո­րո­շում­նե­րը եւ նոյ­նիսկ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը ան­կէ:
Քա­ղա­քա­կան մաս­նի­կը աւելց­նե­լով կը սահ­մա­նա­փա­կենք բա­ռին նշա­նա­կու­թիւնը քա­ղա­քա­կան դաշ­տէն ներս, եւ որ­պէս բնու­թագ­րում, ՔՀ այն կազ­մա­կերպ­չա­կան ձե­ւա­ւո­րումն է, որ կը հա­մադ­րէ որե­ւէ քա­ղա­քա­կան էու­թեան (մաս­նա­ւո­րա­պէս պե­տու­թեան) բո­լոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը: Այս­տեղ հարկ է յի­շել, որ հա­մա­կար­գը նախ­քան իր հա­մադ­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնը կա­տա­րե­լը, նա­խա­պէս ձե­ւա­ւո­րած  կ’ըլ­լայ եր­կի­րին կա­ռոյ­ցը, գոր­ծող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, անոնց մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւնը, սահ­մա­նադ­րու­թիւնը, ընդ­հա­նուր օրէնսդ­րա­կան, դա­տա­կան, տն­տե­սա­կան հա­մա­կար­գե­րը, վար­չա­կան դա­սա­ւո­րու­մը, ներ­քին  քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցը….
Եզ­րա­փա­կե­լով կա­րե­լի է ըսել, որ եր­կի­րի մը հա­մար ՔՀ-ը կը նմա­նի  ինչ որ հա­մա­կար­գիչ­նե­րու Operating System-ի: Այո, հա­մա­կար­գի­չը (եր­կի­րը) կր­նայ գո­յու­թիւն ու­նե­նալ առանց Operating Systemի, սա­կայն գործ­նա­կան առու­մով, չա­փա­զանց սահ­մա­նա­փակ կա­րո­ղու­թիւն­ներ պի­տի ու­նե­նայ,  եւ ինչ­պէս կա­րե­լի չէ ներ­կա­յիս պատ­կե­րաց­նել աշ­խա­տող հա­մա­կար­գիչ մը առանց Windows-ի եւ Linux-ի, այն­պէս ալ կա­րե­լի չէ պատ­կե­րաց­նել եր­կիր մը առանց քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գի:
Հայկ Պաթթալեան