Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ սահմանադրական իր երդման արարողութենէն ետք արտասանած ճառին մէջ ուրուագծեց յառաջիկայ տարիներու երկրի քաղաքական եւ տնտեսական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները։
Նախագահը ահաբեկչական պատերազմէն դուրս գալու կարեւոր ազդակներ համարեց ժողովուրդին դիմադրողականութիւնն ու սուրիական ընկերութեան կայուն պահպանումը, դիտել տալով որ յեղափոխութեան պատրուակով պետութիւններ քայքայելու կարգ մը մեծապետական ուժերու ծրագիրները յստակ էին։ Անոնք նախ ջանացին սարսափի մատնել ժողովուրդը ահաբեկչութեամբ, անոր մէջ վախի եւ անինքնավստահութեան սերմերը ցանել, որպէսզի դիւրաւ զիջի իր իրաւունքներէն եւ պայքարիլը անհեթեթութիւն համարէ։
Մինչդեռ պայքարող ժողովուրդներն են, որոնք համբերութեամբ եւ նպատակասլաց ծրագիրներով կը յաջողին տիրութիւն ընել իրենց երկրին, հողին ու ժառանգութեան։
Նախագահը այնուհետեւ շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդը պահպանեց իր պայքարելու վճռակամութիւնը, եւ ողջ աշխարհին պարզեց սահմանադրական իր իրաւունքներուն եւ երկրին տէր կանգնելու, իր ճակատագրին բնորոշումը ուրիշին չյանձնելու հաստատակամութիւնը՝ կրելով մէկտեղ բազում զրկանքներ։
Նախագահը քաղաքական առումով կարեւոր համարեց թրքական եւ ամերիկեան բռնագրաւիչ ուժերուն երկրէն դուրս գալը, որուն իրականացումով միայն կարելի պիտի ըլլայ խաղաղութեան հաստատումն ու տնտեսական բարգաւաճումը։
Նախագահը Սուրիոյ տնտեսական իրավիճակի բարելաւման համար էական համարեց տարբեր ոլորտներու մէջ, յատկապէս այլընտրանքային ջերմուժի առնչուող, շահարկման ծրագիրներու թափ տալը այս փուլին։ Պաշշար ալ Ասատ յայտնեց նաեւ, որ յառաջիկայ տարիներուն հարկ է յառաջ տանիլ արդիւնաբերական ոլորտը եւ գիւղատնտեսութիւնը, որոնք պիտի կարենան Սուրիոյ տնտեսութիւնը ներկայ վիճակէն դուրս բերել, ներածման տոկոսները նուազեցնել եւ ժողովուրդին կարիքները ապահովել։
Իրականութեան մէջ, տնտեսապէս պաշարուած երկրի մը համար էական է տնտեսական, ներքին իր կարողականութիւնը զարգացնելու քաղաքականութիւնը, եթէ կարելի ըլլայ լուրջ ծրագիրներ մշակել այս ուղղութեամբ եւ աշխատուժին համար գործի կարելիութիւններ ապահովել, յատկապէս ելեկտրականութիւն եւ վառելանիւթ։ Այս առումով նախագահին ընդգծումը տեղին էր՝ տնտեսութեան անիւը դառնալու համար նախ անհրաժեշտ է այլընտրանքային ջերմուժի ապահովման միջոցները զարգացնել եւ սուրիական լիրային կայունութիւնը պահպանել։ Հաւանաբար այս ուղղութեամբ առաջին քայլը իր երդմնակալութենէն անմիջապէս ետք Չինաստանի պատուիրակութեան հետ հանդիպումն ու այլընտրանքային ջերմուժի ապահովման համաձայնութիւնն էր։
Սուրիոյ նախագահը որպէս յաղթող երկրի ղեկավար ելոյթ կ’ունենար եւ յստակօրէն կը շեշտէր ազգային գաղափարախօսութեան պահպանման կարեւորութիւնը՝ պետութեան հիմքերը ամուր պահելու եւ հողային ինքնիշխանութիւնը հաստատելու համար։ Նախագահը կը մերժէր բռնագրաւիչ որեւէ ուժի ներկայութիւնը սուրիական հողերուն վրայ, յատկապէս թրքական բռնագրաւիչ ուժերը դատապարտելով։ Միեւնոյն ատեն նախագահը վեր կ’առնէր արաբական դիմագիծի պահպանումը, արաբական երկիրներու միասնական շահերու շեշտադրումը կը կատարէր ու նշաձողը ուղղելով արաբական դատին, կ’ընդգծէր Պաղեստինի հարցին կարեւորութիւնը արաբական ազգայնականութեան պահպանման համընդհանուր շրջագիծէն ներս։
Սուրիոյ նախագահին ճառէն կարելի է եզրակացնել, որ երկրի իշխանութիւնները տնտեսական եւ քաղաքական ծանր պայմաններու յաղթահարումը իրաւացիօրէն կը պայմանաւորեն հետեւեալ կարեւոր տուեալներով՝ երկրի տնտեսութեան վերականգնում, ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան ամրապնդում, փտածութեան ծրագրեալ վերացում, Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանում, Սուրիոյ սահմանադրութեան վերամշակման մէջ ժողովուրդի եւ ոչ թէ օտար ուժերու կամքի դրսեւորում, բռնագրաւիչ ուժերու վանում եւ այս ամէնուն իրականացման համար յոյսով տոգորուած աշխատանքի ձեռնարկում։
Գործն է ինչպէս մարդուն, նոյնպէս ալ սուրիական ընկերութեան հայելին ու միակ երաշխիքը՝ դիմանալու տնտեսական պաշարման ծանր լուծին տակ ու քայլ առ քայլ երկիրը դուրս բերելու շրջափակման ազդեցութենէն։
Յառաջիկայ տարիները կը նախատեսուին ըլլալ գործով եւ տնտեսական փոքր թէ մեծ ծրագիրներով բնորոշուող տարիներ։ Այս բոլորին կողքին ցանկալի պիտի ըլլար տեսնել շուկաներու կառավարման եւ գիներու հսկողութեան մեքանիզմներու բանեցումը՝ առաջքը առնելու սղաճի նոր ալիքներուն, ինչպէս նաեւ օդակայաններու եւ ցամաքային թէ ծովային երթեւեկութեան աշխուժացումը՝ երկիրը դուրս բերելու պատերազմի տարիներու մեկուսացումէն եւ աշխուժացնելու զբօսաշրջութիւնն ու առեւտուրը։