«Երկիր».- AzTV պատկերասփիւռին տուած հարցազրոյցի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է Հայաստանի հետ սահմանին դիրքերու ամրապնդումին մասին:

Ալիեւ յայտնած է, որ համաձայն չէ այն յայտարարութեան, որ սահմանամերձ տարածքները վիճելի են: «Կը կարծեմ` սա Զանգեզուրի տարածքն է: Իսկ Զանգեզուրը մեր նախնիներու երկիրն է, եւ մենք մեր հողին վրան ենք», ըսած է ան:

Նախագահը բացատրած է նաեւ, թէ ինչու  Մայիսէն ի վեր ատրպէյճանական զինուժը սկսած է վերազինել սահմանները: «Որովհետեւ  ձիւնը հալած է: Ձիւնը հալելէն վերջ մենք առինք անհրաժեշտ բարձունքները եւ տեղաւորուեցաք անոնց վրայ, ամրացանք այնտեղ եւ տակաւին կ’ամրապնդուինք», եզրափակած է Ալիեւ:

Իսկ այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ, անողնաշար յայտարարութիւն ըրած են ՀՀ իշխանութիւնները. Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ յայտարարած է, թէ հայերն ու ատրպէյճանցիները պէտք է վիճելի տարածքներէն հայելային կերպով ետ քաշուին: Ալիեւ յայտարարած է` Սիւնիքը իրենց պատմական հողն է, իսկ Փաշինեան պնդած է, որ հայերը պէտք է ետ քաշուին իրենց հողէն: