«Արմէնփրէս».- Պաքուի վերաքննիչ դատարանի վարչական շէնքին մէջ աւարտած է 13 հայ ռազմագերիներու քրէական գործով դատաքննութիւնը: Դատարանը շինծու մեղադրանքներով անոնցմէ իւրաքանչիւրին 6 տարուան բանտարկութեան դատապարտած է ընդհանուր վարչակարգի գաղութին մէջ, իսկ պատիժը կրելէ վերջ անոնք անմիջապէս պիտի վտարուին երկրէն:
Դատարան գացած են Հայկազ Կորիւնի Յովհաննիսեան, Վարազդատ Անոյշաւանի Մանուկեան, Դաւիթ Ստեփանի Ստեփանեան, Լեւոն Աշոտի Թոսունեան, Արթուր Էդուարդի Պաղտասարեան, Սերոբ Սուրէնի Աւագեան, Վարազդատ Յարութիւնեան, Ժորա Վանոյի Մանուկեան, Հրայր Հրաչի Գերաբեան, Նարեկ Գասպարեան, Գրիգոր Կիւրեղեան, Աշոտ Արտակի Գէորգեան, Մարտին Մուշեղի Աղրամանեան: