Կիրակի, 18 Յուլիս 2021-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, ընկերակցութեամբ անդամներ Օշին Փիրումեանի եւ Դաւիթ Յակոբեանի, ինչպէս նաեւ Սանտրա Վարդանեանի, այցելեց Արցախ եւ Ստեփանակերտի մէջ վերականգնեց 44-օրեայ պատերազմէն ետք աշխատանքէ դադրած ՀՄԸՄ-ի Արցախի մեկուսի շրջանը: ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մեկուսի շրջանի նոր վարչութեան հետ եւ անոր հետ խորհրդակցեցաւ յառաջիկայ փուլին Արցախի մէջ ՀՄԸՄ-ի ծաւալելիք աշխատանքներուն շուրջ:

* * *

Հանդիպում` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ

Նոյն օրը, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդական Արմէն Սարգսեան: Հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին անդամ Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ը` իբրեւ ՀՅԴ-ի ուղեկից կառոյց, Արցախի մէջ գործունէութեան սկսաւ օգոստոս 2019-ին: Իշխանեան մեծապէս գնահատեց ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն վերսկսումը Արցախի մէջ` պատանեկան եւ երիտասարդական շրջանակներու մօտ պատերազմի պատճառով յառաջացած խնդիրները դարմանելու համար: Իր կարգին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ի հիմնական նպատակներէն մէկն է նոր սերունդին ազգային առողջ դաստիարակութեան ջամբումը եւ առողջ միտքով ու առողջ մարմնով սերունդներու կերտումը: «Արցախի պատանիներու եւ երիտասարդներու ազգային դաստիարակութեան հարցը ՀՄԸՄ-ի գլխաւոր աշխատանքներէն մէկն է», շեշտեց Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը:

* * *

Յարգանքի Տուրք` Արցախի Նահատակներուն

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը Արցախի մէջ այցելեց Ստեփանակերտի եղբայրական գերեզմանոց եւ յարգանքի իր տուրքը մատուցեց Արցախի Հանրապետութեան անդրանիկ Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմին եւ արցախեան վերջին պատերազմին նահատակուած արցախցիներու յիշատակին: