«Երկիր Մետիա».- France Press գործակալութիւնը յայտնած է, որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ն պահանջած է Թուրքիայէն Փետրուար 2022-ին ներկայացնել զեկոյց այն մասին, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ մզկիթի վերածուած Սուրբ Սոֆիա տաճարը: France Press-ի տուեալներուն համաձայն, ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէն «մտահոգութիւն յայտնած է բիւզանդական դարաշրջանի յուշակոթողին մզկիթի կարգավիճակ տալու» մասին եւ խնդրած է Թուրքիայէն մինչեւ 1 Փետրուար 2022 տրամադրել կառոյցի «վիճակի մասին թարմացուած զեկոյց»: Թրքական իշխանութիւններու կողմէն Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելը, որ մինչ այդ թանգարան էր, միջազգային վրդովմունքի ալիք յառաջացուց եւ խորացուց լարուածութիւնը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ: Յիշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան 10 Յուլիս 2020-ին հրամանագիր ստորագրած էր Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելու մասին: Շարք մը քրիստոնէական եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ ԻՒՆԵՍՔՕ-ն, մտահոգութիւն յայտնած էին Թուրքիոյ ղեկավարութեան այս որոշումին առնչութեամբ: