«Երկիր Մետիա».-Աշխատանքային այցելութեամբ Ճափոն գտնուող` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կայսերական պալատին մէջ մասնակցած է Ճափոնի կայսր Նարուհիթոյի կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան` ի պատիւ Թոքիոյի ամառնային ողիմպիական խաղերու բացման մասնակցող օտարերկրեայ պատուիրակութիւններու բարձրաստիճան ղեկավարներուն: Ընդունելութեան մասնակցած են նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Լեհաստան նախագահ Անճէյ Տուտան, Լիւքսեմպուրկի Մեծ Տուքս Հենրին, Մոնաքոյի արքայազն Ալպերթ Երկրորդը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին Ճիլ Պայտընը: