ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը հաղորդէ, որ արցախեան վերջին պատերազմէն ետք, Ատրպէյճան կը շարունակէ սպառնալիքներ հնչեցնել եւ պահանջքներ ներկայացնել Երեւանի, Սեւանայ լիճի եւ յատկապէս Սիւնիքի գծով: Առանց Սիւնիքի, առանց աշխարհագրական Հայաստանի այս ողնաշարին մեր պետականութիւնը ամբողջական փլուզումի ենթակայ է: Սիւնիքի հայութեան դիմադրողական ոգիին հզօրացումը, փանթուրանական ծրագիրներու ձախողեցումը եւ Հայաստանի իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութեան դէմ պայքարը ամբողջ հայ երիտասարդութեան, ի մասնաւորի Սիւնիքի հայ երիտասարդութեան պարտականութիւնն է: Մեր ազգային գոյամարտի այս փուլին, աշխարհասփիւռ ՀՅԴ երիտասարդական և ուսանողական միութիւնները զօրաշարժի կ’ենթարկեն իրենց բոլոր ուժերը, կը մտնեն պայքարի դաշտ ու կը մեկնարկեն «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրը, որ կը նախատեսէ. – Ներքաղաքական եւ միջազգային երիտասարդական հարթակներու վրայ քաղաքական, արտաքին յարաբերական և քարոզչական աշխատանքի ծաւալում։ – Ամրապնդելու համար ազգային ոգին, պատանեկան ճամբարներու կազմակերպում։ – Սիւնիքի երիտասարդութեան հարցերու լուծման նուիրուած ուսումնասիրութիւններու պատրաստութիւն եւ խորհրդաժողովի կազմակերպում։ –Սիւնիքի մէջ երիտասարդական կեդրոններու ստեղծում։ – Երիտասարդութեան մասնագիտական կարողութիւններու և հմտութիւններու զարգացման միտող «Վերելք Ծրագիր»ի իրագործում։ – Սփիւռքի երիտասարդներու յատուկ գործուղումներ։ Կոչ կ‘ուղղենք յանձնառու երիտասարդութեան մասնակից դառնալու մեր աշխատանքներուն եւ իր ուժերը ուղղելու «Դէպի Սիւնիք»: