«Հորիզոն».-22 Յուլիսին, Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ՔՀԴՅ) ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, ՔՀԴՅ-ի համանախագահներ Շահէն Միրաքեան եւ Հրակ Տարագճեան եւ ՔՀԴՅ-ի Օթթաուայի գրասեանեակի գործավար Սեւակ Պելեան հեռակապով հանդիպում ունեցան Հայաստանի մօտ Քանատայի նորանշանակ դեսպանորդ Սթեֆան Տիոնի եւ Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան գերատեսչութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւնը ողջունեց Սթեֆան Տիոնի նշանակումը իբրեւ կարեւոր քայլ Հայաստանի մէջ Քանատայի հետագայ դիւանագիտական ներգրաւուածութեան ծիրէն ներս` նշելով Երեւանի դիմագրաւած այժմեան հարցերը եւ այն առանցքային դերը, որ Քանատան պէտք է ունենայ հայ ժողովուրդին օգնելու առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու գործընթացին մէջ: Հակառակ այն իրողութեան, որ դեսպանորդ Տիոնի առաքելութիւնը հիմնականօրէն ուղղուած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, ՔՀԴՅ-ի պատուիրակութիւնը շեշտեց Հայաստանի անվտանգութեան տարբեր մարտահրաւէրներու լուծման առաջնահերթութիւնը, յատկապէս Հայաստանի հանդէպ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վարչակարգերու թշնամական տրամադրութիւններու լոյսին տակ, որոնք այսօրուան դրութեամբ կը հանդիսանան ամենամեծ խոչընդոտները երկրի ներքին կայունութեան եւ լիակատար ժողովրդավարութեան հասնելու ճանապարհին: Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ առանց Երեւանին օգնելու լուծել իր ազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրները՝ գործնականօրէն անկարելի պիտի ըլլայ դրական փոփոխութիւններ իրականացնել Հայաստանի կառավարման գործընթացին ու կառավարման եղանակին մէջ: Պատուիրակութիւնը ողջունեց Քանատայի յանձնառութիւնը ուղղուած Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական գործընթացի դրական զարգացման, յատկապէս նկատի առնելով ՀՀ իշխանութիւններու ինքնակալական ձգտումներու, քաղաքական ընդդիմութեան հետ վատառողջ յարաբերութիւններու եւ վերջին ընտրարշաւի ընթացքին բացասական հռետորաբանութեան առկայութիւնը, միաժամանակ, ՔՀԴՅ-ի պատուիրակութիւնը շեշտեց անկախ ու պաշտպանուած դատական համակարգ և քաղաքացիական ծառայութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումի աւարտին, ՔՀԴՅ-ի ներկայացուցիչները պարոն Տիոնին ներկայացուցին առաջարկներու նախնական ցուցակ և պայմանաւորուեցան շարունակել կառուցողական գործակցութիւնը: