Ուրբաթ, 23 Յուլիս 2021-ի առաւօտուն, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Նորընտիր Վարչութիւնը այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին։

Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան սրբազան հօր ծանօթացուց նորընտիր կազմը, ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց միութեան հինգ մասնաճիւղերու յառաջիկայ ծրագիրները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր՝ միութեան 22-րդ ներկայացուցչական ժողովին իր այցելութեան համար:

Իր կարգին, սրբազան հայրը շնորհաւորելով նորընտիր կազմը, գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց անոր: