Շաբաթ, 24 Յուլիս 2021-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ընկերակցութեամբ Հալէպի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն, Ատհա տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուին Հալէպի Նահանգապետ Տիար Հուսէյն Տիապին:
Այցելութեան ընթացքին արծարծուեցան ժողովուրդի առօրեայ կեանքը յուզող զանազան հարցեր եւ անդրադարձ կատարուեցաւ գործակցաբար անոնցմէ դուրս գալու միջոցներուն:

Այնուհետեւ, հոգեւոր պետերը այցելեցին Հալէպի կուսակցապետ տիար Ահմատ Մանսուրին: Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան համայնքները յուզող հարցեր:

Հոգեւոր պետերը Ատհա տօնին առիթով իրենց շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները յայտնեցին Հալէպի նահանգապետին եւ կուսակցապետին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորական խօսք ուղղեցին երկրի Վսեմաշուք Նախագահ Տոքթ. Պաշշար ալ Ասատի երդման արարողութեան առիթով եւ մաղթեցին, որ միասնական ճիգերով սուրիական հայրենիքը առաւել ծաղկի եւ բարգաւաճի։
Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէր Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան։