ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հոմսի Քարամէն յաջողեցաւ տիրանալ Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան աւարտական փուլի մրցումներուն երկու անգամ պարտութեան մատնելով մրցակից Ուահտէն: Առաջին հանդիպումին Դամասկոսի մէջ Քարամէն արձանագրեց իր յաղթանակը 79- 64 արդիւնքով: Զոյգ խումբերը Հոմսի մէջ կրկին հանդիպելով Ուահտէն պարտութեան մատնելով մրցակիցը, ստիպեց կատարել երրորդ հանդիպում մը, ուր հիւրընկալ կազմը աւելի կազմակերպուած խաղարկութեամբ կրցաւ իշխել արդիւնքին եւ դառնալ Սուրիոյ ախոյեան:
Աւելցնենք, որ Քարամէն հինգերորդ ակումբն է, որ ձեռք կը ձգէ Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութիւնը: Նախապէս սոյն տիտղոսին արժանացած են Ճալաաը, Իթթիհատը, Ճէյշը եւ Ուահտէն:
– Դամասկոսի Ուահտէի պատանեկան աղջկանց խումբը տիրացաւ Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Հալէպի Հուրիէն 53-44 արդիւնքով: Ճալաա Գրաւեց երրորդ դիրքը:
– Հալէպի կրտսեր տղոց պասքեթի մրցաշարքին ՀՄԸՄ-ի կազմը գրաւեց երրորդ դիրքը 63-62 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ճալաաը: ՀԵԸ-ի կազմը գրաւեց 6-րդ դիրքը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉ ՈՒՆԵՑԱՒ
Լիբանանեան մամուլը Կիրակի օր յայտարարեց, որ չեխ Իւան Հասիքը պիտի փոխարինէ տեղացի Ճամալ Թահան: Հասիք պիտի գլխաւորէ Լիբանանի հաւաքականը համաշխարհային ախոյեանութեան զտման, Ասիոյ 2023-ի ախոյեանական,  ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի մրցումներուն: 57 տարեկան մասնագէտը ութսունական թուականներուն եղած է Սփարթա Պրակ խումբի լաւագոյն խաղացողներէն մէկը, որուն հետ արժանացած է երկրի ախոյեանութեան հինգ անգամ: Մարզած է ֆրանսական եւ չեխական բազմաթիւ ակումբներ:
ՄԱՆՉԵՍԹԵՐ ՍԻԹԻՆ  ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՍԱՒ ՀԱՐԻ ՔԷՅՆԻ ՀԵՏ
Goal.com-ը տեղեկացուց, որ Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին համաձայնութեան եկաւ Լոնտոնի Թոթենհամի եւ Անգլիոյ հաւաքականի յարձակողական խաղացող  Հարրի Քէյնի հետ: Եթէ լոնտոնեան ակումբը ընդունի Մանչեսթըր Սիթիի առաջարկը, 27-տարեկան  ֆութպոլիստը իր նոր խումբին հետ պիտի ստորագրէ  հինգ տարուան պայմանագիր։ Անոր տարեկան վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ 16 միլիոն եւրօ: Թոթենհամը պահանջած է առնուազն 160 միլիոն եւրօ։ Մանչեսթըր Սիթիի ղեկավարութիւնը պատրաստ են  ընդունիլ բոլոր պահաջքները եւ այս ամառ իրականացնել փոխադրութիւնը։ Հարրի Քէյն Թոթենհամի սան է։ Անգլիոյ վերջին ախոյեանական մրցումներուն ան մաս կազմած է 35 մրցումներու նշանակելով 23 կոլ:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ