Հայ յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փա­րը եւ  անոր մարմ­նա­ւո­րու­մը հա­յու­թիւնը ստր­կա­ցած, պե­տա­կա­նու­թիւն կորսն­ցու­ցած ժո­ղո­վուր­դէն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին վե­րա­ծե­ցին պե­տա­կա­նու­թիւն կեր­տած, ինք­նիշ­խան ժո­ղո­վուր­դի:
Պե­տա­կա­նու­թիւն կեր­տե­լով մէկ­տեղ մեր ազ­գի գո­յեր­թին ու անոր ազ­գա­յին իրա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման հա­ւա­տա­ցող ու­ժերն էին, որոնք տա­րի­ներ շա­րու­նակ պայ­քա­րե­ցան ու յա­ջո­ղե­ցան շարք մը նուա­ճում­նե­րով հա­ւատ­քը ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծի վե­րա­ծել:
Լիզ­պո­նի եւ ար­դա­րու­թեան մար­տիկ­նե­րու սխ­րանք­նե­րով, 70-80ական­նե­րուն կա­րե­լի եղաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նաց­նել: Հայ Դա­տը թե­ւա­կո­խեց նոր փուլ ու այդ փու­լը ազ­գա­յին աւիշ նե­րար­կեց մեր ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րին:
Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րը հա­սուն­ցան ու Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մով Ար­ցա­խի ազա­տագ­րումն ալ նոր օղակ մը աւել­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դի իրա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ:
Այ­սօր, երբ կը վեր­յի­շենք պայ­քա­րի այս ու­ղին, պարզ ու յս­տակ կը դառ­նայ, որ իւ­րա­քան­չիւր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մէջ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­ներ յա­ջո­ղած էին ստեղ­ծել ժա­մա­նա­կի յա­տուկ զէն­քը, պայ­քա­րե­լու մի­ջո­ցը եւ ար­դիւն­քի հաս­նիլ՝ անո՛ր օգ­տա­գոր­ծու­մով:
Այդ մի­ջո­ցը կա­րե­լի չէր ստեղ­ծել առանց  հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի հա­ւատ­քին հան­դէպ իր դա­տին, իր իրա­ւունք­նե­րուն, իր պայ­քա­րին: Այդ հա­ւատ­քին շնոր­հիւ էր, որ Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քով հայ ֆի­տա­յի­նե­րը գտան մի­ջո­ցը պատ­ժե­լու թշ­նա­մին, հա­կա­ռակ ու­ժե­րու ան­հա­ւա­սա­րու­թեան:  Նոյն այդ հա­ւատքն էր, որ մղեց Լիզ­պո­նի հին­գը ինք­նան­ուի­րու­մի, իրենց գա­րուն կեան­քով յա­ռաջ մղե­լու  Հայ Դա­տի հե­տապն­դու­մը:
Եթէ չըլ­լար հա­ւատ­քը, հայ մար­տի­կը, ֆե­տա­յին, ազա­տա­մար­տի­կը չէ­ին կր­նար ստեղ­ծել ժա­մա­նա­կին հա­մա­պա­տաս­խա­նող պայ­քա­րի իրենց մի­ջո­ցը:
Այդ հա­ւատ­քը կը ծնի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեամբ, իրա­ւունք­նե­րու իրա­զե­կու­թեամբ, գի­տու­թեամբ, ճա­նա­չո­ղու­թեամբ, որոնք գու­մար­ուե­լով հայ երի­տա­սար­դին պայ­ծառ հոգի­ին մէջ, կը շեշ­տադ­րեն անոր ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւնը, իր հայ­րե­նի­քին, հո­ղին, մշա­կոյ­թին տի­րու­թիւն ընե­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւնը:
Եթէ չըլ­լար հա­ւատ­քը՝ հայ հո­գի­նե­րը բո­ցա­վա­ռող ազ­գա­սի­րու­թիւնը, ամէ­նէն հզօր զէն­քերն ան­գամ ան­զօր պի­տի մնա­յին իրա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման հա­յուն  եր­կա­րա­շունչ պայ­քա­րին մէջ:
Ոմանց մօտ այդ հա­ւատ­քի տկա­րու­թիւնն էր, որ կո­րուստ­նե­րու շա­րան մը հիւ­սեց մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն դի­մաց անց­նող եր­կու տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, որուն հե­տե­ւան­քով ալ յու­սա­հա­տու­թիւնը բոյն դրաւ մեր ազ­գի զա­ւակ­նե­րուն մէջ:
Հա­ւատ­քը կը ստեղ­ծէ մի­ջո­ցը, իսկ ան­տար­բե­րու­թիւնը անե­րե­ւոյթ կը դարձ­նէ յաղ­թե­լու տես­լա­կա­նը:
Եթէ Լիզ­պո­նի աք­տը այդ տա­րի­նե­րուն ար­դիւ­նա­ւէտ մի­ջոց էր, հա­յոց բա­նա­կի մար­տիկ­նե­րուն պատ­գամն էր նա­եւ իւ­րա­քան­չիւր ժա­մա­նա­կի հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջո­ցը ստեղ­ծե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեամբ պայ­քա­րի դաշտ նետ­ուիլ:
Ստեղ­ծե­ցի՞նք այդ զէն­քե­րը, մի­ջոց­նե­րը, պահ­պա­նե­ցի՞նք հա­ւատ­քը հան­դէպ մեր ար­դար իրա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման եր­կա­րա­շունչ պայ­քա­րին՝ յաղ­թա­նա­կը մե­րը կ’ըլ­լայ ան­պայ­ման: Տկա­րա­ցա՞ւ մեր հա­ւատ­քը, հա­ւատ­քով պայ­քա­րի նոր մի­ջոց նուա­ճե­լու յանդգ­նու­թիւնը՝  պար­տու­թե­նէ-պար­տու­թիւն պի­տի առաջ­նորդ­ուի մեր ազ­գը:
Լիզ­պո­նի պատ­գա­մը այս էր նա­եւ՝ յար­մա­րիլ ժա­մա­նա­կին, ստեղ­ծել անոր հա­մա­պա­տաս­խան զէնքն ու միտ­քը, ըս­տայնմ քայլ առ­նել:
Յար­գե­լով կը խո­նար­հինք Լիզ­պո­նի հին­գին արիու­թեան դի­մաց ու կը մաղ­թենք, որ անոնց պատ­գա­մը պայ­քա­րե­լու կայծ մը բոր­բո­քեց­նէ անձ­նա­տուու­թիւնը խա­ղա­ղու­թեան մի­ակ լու­ծու­մը հա­մա­րող հայ ղե­կա­վար­նե­րու տմոյն հո­գի­նե­րուն մէջ: