Վեր­ջերս, բա­րե­կամ­նե­րէս մէ­կը ան­մե­ղօ­րէն ին­ծի հար­ցու­ցած էր,  թէ «ի՞նչ կ’ընէի» այս օրե­րուն:
և Գրել-կար­դա­լով կը զբա­ղիմ,և հա­մես­տօ­րէն պա­տաս­խա­նած էի:
և Ին­չո՞ւ,և յան­կարծ ընդ­մի­ջած էր. արդ­եօ՞ք այն­քան հա­յե­րէն կար­դա­ցող­նե՞ր կա­յին: Լաւ գի­տես, որ հա­յե­րէն թերթ կամ գիրք ըն­թեր­ցող­նե­րուն թիւը, մա­նա­ւանդ արեւմ­տա­հա­յե­րուս մօտ, զգալի­օ­րէն նուա­զած է։
և Այո՛,և ըսած էի արագ մը,և գի­տեմ այդ մէ­կը:
և Լաւ… ու­րեմն ին­չո՞ւ կը գրես:
և Գի­տեմ,և կրկ­նած էի վշ­տոտ ձայ­նով,և հաս­տա­տա­պէս գի­տեմ, որ հա­յե­րէն կար­դա­ցող­նե­րուն թիւը ո՛չ միայն նուա­զած է, այ­լեւ՝ նօս­րա­ցած: Բայց գի­տեմ նա­եւ, որ կայ մէ­կը, որ ամէն օր հա­յե­րէ­նով կ’արթն­նայ, հա­յե­րէ­նով կ’ար­տա­յայտ­ուի, հա­յե­րէ­նով կ’աղօ­թէ, հա­յե­րէ­նով կը սնա­նի ու կ’ապ­րի, նոյ­նիսկ հա­յե­րէ­նով կը հայ­հո­յէ, հա­յե­րէ­նով սի­րած է եւ տա­կա­ւին կը սի­րէ, ու աւե­լին՝ հա­յե­րէ­նով կը խն­դայ եւ կը խօ­սի: Անոր հա­մար է, որ իբ­րեւ սր­տի մտ­քի ու հոգիի պարտք կը գրեմ։
ևԻսկ ո՞վ է այդ խեն­թը,և հար­ցու­ցած էր խօ­սա­կիցս:
ևԵ՛ս եմ,և պա­տաս­խա­նած էի,և Ե՛ս: Եթէ նոյ­նիսկ անձս դառ­նայ տո­ղե­րուս կամ էջե­րուս մի­ակ ըն­թեր­ցո­ղը, պի­տի շա­րու­նա­կեմ գրել, ե՛ս ին­ծի հա­մար, ի՛մ ըն­թեր­ցող ան­հա­տին հա­մար, հա­յե­րէ­նով գրե­լու պա­պա՛կս գո­հաց­նե­լու հա­մար: Ու մի՛ զար­մա­նար, յա­ճախ ես ին­ծի հարց կու տամ, թէ առանց այս գի­րե­րուն եւ բա­ռե­րուն ինչ­պէ՞ս պի­տի կա­րե­նա­յի ճանչ­նալ ինք­զինքս, ինչ­պէ՞ս պի­տի կա­րե­նա­յի ար­տա­յայ­տել լա­ցերս, սէ­րերս, ու­րա­խու­թիւնս։
Ան­կեղ­ծօ­րէն բան մը ար­դա­րաց­նե­լու ճիգ մը չէ՛ այս մէ­կը, ոչ ալ ինք­նա­գո­վու­թիւն: Եր­բե՛ք:
Նա­եւ ըսեմ, որ յս­տակ, պարզ եւ նոյն­քան ալ ցա­ւա­լի իրո­ղու­թիւն է, որ հայ մար­դիկ դժ­ուար եւ կամ քիչ կը կար­դան եւ այս մէ­կուն յան­ցան­քը հա­մա­կար­գի­չին վրայ կը բեռց­նեն: Վկայ, հայ­կա­կան օրա­թեր­թե­րու, շա­բա­թաթեր­թե­րու եւ կամ գրա­կան պար­բե­րա­թեր­թե­րու տպագ­րա­կան քա­նա­կը: Իսկ աւե­լին, այ­սօր ամէն տեղ, հա­յեր՝ աշա­կերտ կամ ծնողք, խմ­բա­պետ կամ ղե­կա­վար, դժ­բախ­տա­բար ո՛չ հա­յե­րէն կը խօ­սին, ո՛չ կը կար­դան եւ ոչ ալ կը գրեն։ Այս ըն­թաց­քով, հա­յե­րէն իմա­ցող սե­րուն­դը կա­մաց-կա­մաց պի­տի սկ­սի նօս­րա­նալ։ Ան­կաս­կած՝ գի­տակ­ցու­թեան հա­սու­նու­թիւն է պէտք, ու­րիշ շատ մը «պէտք է»նե­րու կող­քին: Եւ տա­կա­ւին՝ամիս­ներ առաջ Ար­ցախ­եան վեր­ջին պա­տե­րազ­մը, «քո­րո­նա» ժահ­րի հա­մա­ճա­րա­կի ներ­կա­յու­թեան հետ եկաւ ու իր կար­միր գրի­չը ձեռ­քին, մեր պատ­մու­թեան էջե­րը լե­ցուց ամօ­թա­լի, մա­հա­ցու, ան­վա­յել եւ վի­րա­ւո­րա­կան տո­ղե­րով, որոնք պատ­ճառ դար­ձան, որ մեր երազ­ներն ալ խոր­տակ­ուին: Քանդ­ուին: Խառ­նակ վի­ճակ: Մռայլ եւ յա­ճախ ալ ամե­հի: Մենք ալ, ի տես այս բո­լո­րին, ազ­գո­վին շուա­րած նա­յե­ցանք մեր ճա­կա­տա­գի­րին աչ­քե­րուն: Ու մին­չեւ այ­սօր տա­կա­ւին չենք կր­ցած գտ­նել մեր գո­յու­թեան կշ­ռոյ­թը: Ինչ որ կեանք կ’ըսէ­ինք եւ կ’ապ­րէ­ինք, խոր­քին մէջ հա­կա­սա­կան է «եղեր» ու մենք «չէ­ինք գիտ­ցած»:
Թէ­եւ օրին, այս բո­լո­րին մա­սին շատ «խօս­ուե­ցաւ»…, բայց, ըսեմ, որ ասոնք ու­րիշ հար­ցեր են: Ին­ծի հա­մար հի­մա էա­կա­նը այդ բա­րե­կա­միս հար­ցումն է՝ Գրե՞լ, թէ չգ­րել…: Կար­ծիք տա՞լ, թէ պա­հել…: «Խօ­սի՞լ»…թէ՝ «չխօ­սիլ»…:
և Լա՛ւ, շատ լաւ,և կ’ըսեմ,և գրել…: Բայց, ի՞նչ գրել: Որո՞ւ հա­մար գրել, երբ կար­դա­ցող չկայ եւ կամ չեն ու­զեր կար­դալ: Ի՞նչ կամ ին­չե­րո՞ւ մա­սին ար­տա­յայտ­ուիլ, երբ յան­կարծ մար­դիկ իրա­կա­նու­թե­նէն կը խրտ­չին ու քե­զի թշ­նա­մի կը դառ­նան: Անձ­նա­կա՞ն, ըն­տա­նե­կա՞ն, ազ­գա­յի՞ն, գա­ղու­թա­յի՞ն, ըն­կե­րա­յի՞ն հար­ցե­րու մա­սին…: Վրաս գրէ՛:
Եր­կար ատե­նէ ի վեր եւ գրե­թէ ամէն առիթ­նե­րով, բո­լոր հայ գրիչ­նե­րու հետ եւ նման, ես ալ շատ ար­տա­յայտ­ուած եւ անդ­րա­դար­ձած եմ սփիւռք­եան եւ հայ­րե­նի մեր զա­նա­զան եւ տե­սա­կա­ւոր ցա­ւե­րուն, ու­րա­խու­թիւն­նե­րուն, յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն: Բո­լո­րին նման մատ­նան­շում­նե­րով եւ օրի­նակ­նե­րով հա­մեմ­ուած տո­ղե­րով հա­մես­տօ­րէն թե­լադ­րանք­ներ կա­տա­րած:
Այս առ­թիւ իմ ջերմ, ան­կեղծ եւ ար­դար գնա­հա­տան­քը բո­լոր մեր «գրիչ­նե­րուն»։ Ապ­րին:
Սա­կայն, ո՞վ կր­նայ ըսել, թէ այդ բո­լոր տո­ղե­րը հա­սած են մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն: Բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րու մա­սին չէ խօսքս: Անոնք, իբ­րեւ հա­ւա­տա­րիմ ըն­թեր­ցող­ներ, իրենց ար­դար եւ գնա­հա­տե­լի տե­ղը ու­նին եւ միշտ ալ ու­նե­ցած են բո­լոր հայ «գրիչ­նե­րուն» կող­մէ՝ ան­կաս­կած:
Կը հա­ւա­տանք, որ նման մտա­ծում­ներ, պատ­գամ­ներ, թե­լադ­րանք­ներ եւ ուղ­ղու­թիւն­ներ եթէ լոյ­սին չբեր­ուին, եթէ չմ­տած­ուի զա­նոնք ըն­թեր­ցո­ղին յանձ­նե­լու մա­սին, ու­րեմն անի­մաստ պի­տի ըլ­լայ մտա­ծող միտ­քե­րու գրա­ւոր խոն­ջէն­քը՝ ժա­մա­նա­կի վատ­նում, մս­խում:
Նա­եւ աւելց­նեմ, որ իբ­րեւ հայ գրող­ներ, բո­լորս ալ գի­րէն, գիր­քէն եւ գրա­կա­նու­թե­նէն դուրս փնտ­ռած ենք կեան­քը, եւ մեր իսկ կեան­քին մէջ՝ գիրն ու գիր­քը։ Նոյ­նիսկ փոր­ձած ենք ամէն «բան» հա­յաց­նել: Անոր հա­մար հա­յա­ցու­ցած ենք նա­եւ կեան­քին իմաս­տը:
Այլ խօս­քով՝ հայ­կա­կա­նու­թիւն ստեղ­ծած: Ամէն տեղ եւ առանց բա­ցա­ռու­թեան, զգա­ցած ենք ան­մի­ջա­կան պա­հանջ­քը ստեղ­ծա­գործ միտ­քե­րու եւ մա­նա­ւանդ՝ կամ­քե­րու: Նա­եւ էա­կա­նու­թիւնը բո­լոր այն ստեղ­ծա­գործ բա­զուկ­նե­րուն, որոնք յա­ւել­եալ ճիգ, զո­հո­ղու­թիւն ու նուի­րում կր­նան ցու­ցա­բե­րել՝ գոր­ծին յա­ջո­ղու­թեան հա­մար:
Ու այս բո­լոր մտա­ծում­նե­րը մեր տո­ղե­րով միշտ կը շե­փո­րենք, որով­հե­տեւ հա­մոզ­ուած ենք, որ եթէ եր­բեք գրո­ղին մօտ  ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան թա­փը կանգ առ­նէ, այն ատեն կը սկ­սի հայ մշա­կոյ­թի ճահ­ճա­ցու­մը: Ճիշդ է՝ կեան­քը նիւ­թա­կա­նա­ցած է: Բայց նա­եւ իրա­կա­նու­թիւն է, որ դրա­մը ամէն ինչ չէ, եւ որ մշա­կոյթ ըս­ուա­ծը նիւ­թա­կա­նէն վեր, ու­րիշ վեհ ու նոյն­քան սր­բա­զան բան մըն ալ է:
Ի տես այս իրա­կա­նու­թեան, յա­ճախ եր­կար կը մտա­ծեմ մեր լեզ­ուի ճա­կա­տագ­րին մա­սին, գի­րին եւ գրա­կա­նու­թեան մա­սին, ու ին­չու մեղքս պա­հեմ, երակ­նե­րէս վեր վախ մը կը սկ­սի սո­ղալ: Սփիւռ­քի զա­ւակ ըլ­լա­լով կը զգամ, որ Սփիւռ­քը ամէն օր հո­գե­վար­քի մէջ է: Այ­սօր ամէն բա­նէ աւե­լի հո­գե­կան կա­րի­քը կայ Սփիւռ­քին կեան­քը ջեր­մաց­նե­լու: Որով­հե­տեւ, ինչ որ ալ ընենք, չենք կր­նար օտա­րա­ցու­մին առաջ­քը առ­նել: Անոր հա­մար մշա­կոյ­թի ճամ­բուն կը դի­մենք:
«Կեան­քին եւ նպա­տա­կին հան­դէպ լա­ւա­տե­սու­թիւն ու­նե­նա­լը մեծ բա­րե­նիշ մըն է», ըսած ու կրկ­նած են մեր ու­սու­ցիչ­ներն ու դա­սա­տու­նե­րը: Բո­լորս ալ կը հա­ւա­տանք, որ մեր լե­զուն մեր տունն է, մեր աղօթքն է, մեր հայ­րե­նիքն է, լոյսն է եւ յոյսն է։ Հաս­տա­տա­պէս ձրի գո­վա­սան­քի ցե­խին մէջ մխր­ճուող մը չեմ, չեմ ալ ու­զեր ըլ­լալ։
Գրե՞լ, թէ չգ­րել…: Ես պի­տի շա­րու­նա­կեմ: Հա­մո­զու­մի հարց է: Հա­ւա­տա՛ք, կամ ո՛չ, ես ա՛յս եմ…, ինչ­պէս որ ե՛մ։
Գէորգ Պետիկեան