Վերջին քանի մը տարիներուն, մանկավարժական շրջանակներու մէջ քննարկման ընդարձակ նիւթ դարձաւ Bully-ի նիւթը: Փորձեցի գտնել բառին հայերէնը: Բառարանը տուաւ «ամբարտաւան», «յոխորտացող» բառերը, որոնք երեւոյթին պահանջած իմաստին մօտ ըլլալով մէկտեղ, ամբողջապէս չէին արտայայտեր անոր իսկութիւնը: Արաբերէն տարբերակը աւելի ընդրգրկուն էր: Արաբերէնով երեւոյթը կ’անուանուի (ալ թանամմոր), որ կը նշանակէ բնաւորութեամբ նմանիլ վագրին կամ վագրի նման յոխորտալ, նաեւ կը բացատրուի որպէս «զայրոյթ», «վարքուբարքի վատթարացում» եւ «վագրի նմանութիւն»: Կ’երեւի սխալ չէ արաբերէն տարբերակը հայացնելը, ի վերջոյ թարգմանական աշխատանքներուն բերած նպաստներէն մէկը լեզուի հարստացումն է, այս պարագային արաբերէն բառը երեւոյթի լրիւ իմաստը կ’արտացոլացնէ, հետեւաբար ի՞նչ հարց եթէ այս երեւոյթին հայերէն եզրը վագրացում (վագրանալ, բառարանը ունի այս տարբերակը) բառը համարենք:
Իրաւաբանական այս յօդուածը կը նպատակադրէ լուսարձակ բանալ ելեկտրոնային վագրացման երեւոյթին վրայ, որ կը ճանչցուի որպէս փաստարկներէ զուրկ ոճիր: ՄԱԿ-ի մասնագիտական տեղեկագիրներէն մէկուն համաձայն, վագրացման ենթարկուող տասը անձերէն մէկը անձնասպանութեան կը դիմէ:
Բայց ինչպէ՞ս կը գործուի այս ոճիրը, իսկ սուրիական օրէնքով յանցագործը կը հետապնդուի՞, կը պատժուի՞:
Այսօր ելեկտրոնային վագրացումը կը համարուի դարու ոճիրը: Այս ոճիրը կը գործուի օգտագործելով համացանցի լայնատարած դաշտը: Ոճրագործը այս ձեւով կը նսեմացնէ թիրախաւորուած անձը, անոր համբաւը, անցեալը եւ կամ նուաստացուցիչ ու անարգական արտայայտութիւններով, անոր հոգեկանը հարուածող արշաւ կազմակերպելով անունը կը սեւցնէ: Այս ոճիրներու շրջագիծէն ներս կ’իյնայ մարդու անձնական կեանքի գաղտնիքներուն բացայայտումը:
Ելեկտրոնային վագրացման ոճիրը ընդհանրապէս կեղծ անուններու քօղին ներքեւ կը գործուի, բնականաբար, որովհետեւ նման միջոցի դիմողը, այսինքն` վագրացողը անհաւասարակշռուած անձ է, որ հոգեմտային վերաորակաւորման կարիք ունի: Ան վախկոտ, մտային խանգարումներու տէր երկչոտ մըն է, որ պատրաստ է իր անթիւ անհամար թերութիւնները ծածկելու համար այլոց փայլքին դէմ վարագոյր քաշել:
Իսկ ան որ իր իսկական անունով ելեկտրոնային վագրացում կը բանեցնէ, վստահաբար  օրէնքներէ անտեղեակ է եւ յիմարաբար կամ յոխորտանքով ինքզինք դատական համարատուութեան դիմաց կը դնէ:
Սուրիական օրէնսդրութեան մէջ «վագրացման ոճիր» հասկացութիւնը գոյութիւն չունի, սակայն կարելի է վագրացող յանցագործը հետապնդել չարախօսութեան զրպարտանքի, վարկաբեկման, մրոտման եւ անձնական կեանքի գաղտնիութեան խախտումներու յանցանքով: Սուրիական քրէական օրէնքը այս ուղղութեամբ շատ յստակ պատժամիջոցներ սահմանած է իր ելեկտրոնային ոճիրներու օրէնսգիրքով, որ լոյս տեսած է  2012-ի նախագահական 17-րդ հրամանագիրով:
Փաստաբան  Մարիա Գաբրիէլեան