Յար­գանքն ու նե­րո­ղամ­տու­թիւնը կը հայ­ցեմ իւ­րա­քան­չիւր նա­հա­տա­կի ու անոր բիւր յար­գե­լի ծնող­նե­րուն, որոնց կը ցան­կամ համ­բե­րու­թիւն:
Եկէք մէկ ան­գամ­ուան հա­մար ըլ­լանք ան­կեղծ ու մա­տի ետեւ պահ­ու­տե­լու ու ինք­նա­խա­բէ­ու­թեան տմար­դի քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն դուրս գա­լով՝ յայ­տա­րա­րենք ճշ­մար­տու­թիւն­ներ:
Սուր­սայր շեղ­բի վրայ քա­լե­ցինք ու ար­դիւն­քը վա­յե­լե­ցինք: Սա­կայն ազա­տօ­րէն նետ­ուե­լով բաց­ուած դռ­նե­րու մէջ՝ նե­տուող­նե­րը շատ-շուտ տե­սան ոչ թէ ճա­նա­պար­հի վեր­ջին դա­տար­կու­թիւնը, այլ իրենց ոտ­քի տակ գտ­նուող լպր­ծուն հո­ղին ան­կա­խա­տե­սե­լի վտան­գը:
Դժ­բախ­տա­բար, Հա­յաս­տա­նի նոր իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը չտե­սան անց­եա­լի, ներ­կա­յի եւ ապա­գա­յի կա­պը եւ այն­քան տար­ուե­ցան ներ­կա­յով, որ այդ ներ­կան դար­ձաւ աշ­խար­հէն կտր­ուած, անոտ ու անգ­լուխ կի­սատ մար­մին մը:
Մենք յան­կարծ որո­շե­ցինք հաշտ­ուիլ թուր­քե­րուն հետ, ան­ջատ­ուիլ ռու­սե­րէն, հա­լա­ծել ազ­գա­յին դի­մա­գիծ ու­նե­ցող բո­լոր հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը, ոտ­նա­կո­խել ըն­կեր­վա­րու­թիւնը եւ կա­յա­ցու­ցինք ու­րիշ շատ մը որո­շում­ներ, որոնք ոչ կապ ու­նէ­ին մեր անց­եա­լին հետ եւ ոչ ալ բա­րիք­ներ կը խոս­տա­նա­յին ապա­գա­յի հա­շուոյն: Հա­ւա­նա­բար այն պարզ պատ­ճա­ռով, որ սխալ ըմբռ­նե­ցինք «ես»ի եւ «Մենք»ի փոխ­յա­րա­բե­րու­թեան էու­թիւնը:
Կը ցա­ւինք մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­շուոյն:
Այս օրը կա­նուխ չէ բայց վա­ղը ուշ է:
Ազ­գի եւ հայ­րե­նի­քի ու­ժե­րը ի մի բե­րե­լու եւ զօ­րա­շար­ժի են­թար­կե­լու փո­խա­րէն, Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նա­կա­տա­րը չկր­ցաւ հե­ռու մնալ հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան երդ­ու­եալ կու­սակ­ցա­կա­նի իր մո­լուց­քէն: Ան­գամ մը եւս չկր­ցաւ հայ քա­ղա­քա­կան մտ­քի բո­լոր թե­ւե­րուն նկատ­մամբ դիր­քո­րոշ­ուիլ՝ հայ­րե­նի պե­տու­թեան գե­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի բարձ­րու­թեան վրայ մնա­լով:
Այս­պի­սով, իշ­խա­նու­թիւնը մի­ան­գա­մայն գի­տակց­ուած ձե­ւով պա­տե­րազ­մը կը շա­հար­կէ ի վնաս ժո­ղո­վուր­դի կեն­սա­մա­կար­դա­կին, ընդ­հան­րա­պէս՝ ըն­կե­րա­յին բա­րե­կե­ցու­թեան: Ուս­տի կա­րե­լի է ըսել, որ ար­ցախ­եան պա­տե­րազ­մին ըն­կե­րա­յին աջակ­ցու­թիւնը եւ ազ­գո­վին գի­տակ­ցու­մը նկա­տելի­օ­րէն տկա­րա­ցած է: Եր­բեմն մար­դիկ սկ­սած են զար­գաց­նել այն չա­րա­գու­շակ միտ­քը, թէ մեր բո­լոր ներ­կայ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու ակ­նաբ­ղիւ­րը նոյ­նինքն Ար­ցախն է ու անոր մղած ինք­նո­րոշ­ման պայ­քա­րը:
Այս աս­տի­ճան «պա­տաս­խա­նա­տու», ան­պա­տաս­խա­նա­տու դա­տավ­ճիռ­ներ կը վտան­գեն մեզ որ­պէս ազգ:
Զար­մա­նա­լի չի թուիր այ­սօր Հա­յաս­տա­նի մէջ տես­նել մէկ կող­մէ աղ­քատ եւ աւելի­ով թշ­ուա­ռա­ցող աշ­խա­տա­ւոր զանգ­ուած, իսկ միւս կող­մէ՝ սա­կա­ւա­պե­տու­թեան կամ դիւա­նա­կա­լու­թեան (bureaucracy) ճամ­բով հարս­տա­ցող հա­յեր:
Ըն­կե­րա­յին այս սուր երկ­բե­ռե­ւա­ցումն ու մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու կո­րուս­տը իրա­ւունք կու տան հաս­տա­տե­լու, որ Հա­յաս­տան իր ներ­կայ ըն­թաց­քով չի յա­ռա­ջա­նար դէ­պի աշ­խա­տա­ւոր ընդ­հան­րու­թեան ծա­ռա­յող պե­տու­թեան մը ստեղ­ծու­մը, այլ՝ կ’ըն­թա­նայ դէ­պի քաղ­քեն­ի­ա­կան պե­տու­թեան մը ամ­րապն­դու­մը:
Պարգեւ Աւագեան