Սուր­իոյ ներ­կայ տն­տե­սա­կան վի­ճա­կը կը շա­րու­նակ­ուի մնալ ան­կա­յուն, ժո­ղո­վուր­դէն խլե­լով իր բնա­կա­նոն առօր­եան ապ­րե­լու իրա­ւուն­քը: Աս­կէ ան­մասն չի մնար հա­լէ­պա­հա­յը: Թէ­եւ աշ­խա­տա­սէր ժո­ղո­վուր­դը կը փոր­ձէ հա­մա­կեր­պիլ՝ տագ­նա­պի  իւ­րա­քան­չիւր փու­լէն ելք մը գտ­նե­լով, սա­կայն դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը աւե­լի արագ կը բազ­մա­պատկ­ուին:
Տն­տե­սա­կան այս վի­ճա­կին մէջ, բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձեն որոշ չա­փով սա­տա­րել կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն: Ժո­ղո­վուր­դին մա­տու­ցուո­ղ նման ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րէն եռամս­եայ կեանք ու­նե­ցող «Յոյս» ծրա­գի­րին ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար, «Գան­ձա­սար» հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ըն­կե­րա­յին Ծա­ռա­յու­թեան խոր­հուր­դի ատե­նա­պետ՝ սր­տա­բան Պերճ Գա­սապ­եա­նի հետ:
«Խոր­հուրդս 3 ամի­սէ ի վեր ձեռ­նար­կած է «Յոյս» ծրա­գի­րին, որուն նպա­տակն է նո­րա­կազմ  ըն­տա­նիք­նե­րուն օգ­տա­կար դառ­նալ՝ անոնց նո­րա­ծին­նե­րուն անհ­րա­ժեշտ սկզբ­նա­կան պէտ­քե­րը տրա­մադ­րե­լով: Մին­չեւ օրս, ամ­սա­կան հեր­թա­կա­նութ­եամբ 90 մա­նուկ­ներ (նո­րա­ծին-մին­չեւ մէկ ու կէս տա­րե­կան) ստա­ցան անհ­րա­ժեշտ կա­րիք­ներ(հա­կանե­խիչ,…  տա­կա­շոռ)»:
«Յոյս»ը ծնունդ առաւ շնոր­հիւ երկ­րէս դուրս կայք հաս­տա­տած  հա­լէ­պա­հայ բա­րե­րա­րի մը,  որ մտա­հոգ­ուե­լով Սուր­իոյ տն­տե­սա­կան վի­ճա­կով եւ սղա­ճին լոյ­սին տակ ըն­տա­նիք կազ­մող երի­տա­սարդ­նե­րով, որո­շեց իր լու­ման նուի­րա­բե­րել հա­լէ­պա­հայ նո­րա­կազմ ըն­տա­նիք­նե­րու օժան­դա­կութ­եան ու այս առա­քե­լու­թիւնը վս­տա­հիլ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ըն­կե­րա­յին Ծա­ռա­յու­թեան Խոր­հուր­դին: Տոքթ. Պերճ բարձր գնա­հա­տեց այս ներրդ­րու­մը ըսե­լով. «Իս­կա­պէ՛ս կ’ու­րա­խա­նանք այն իրո­ղու­թեան հա­մար, որ տա­կա­ւին կան երի­տա­սարդ­ներ, որոնք կը հե­տաքրքր­ուին իրենց ծնն­դա­վայ­րով, իրենց սր­տե­րը կը բա­բա­խին Հա­լէ­պով, կը տագ­նա­պին անոր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րով եւ օգ­տա­կար դառ­նա­լու մի­ջոց­ներ կը գտ­նեն: Հետզ­հե­տէ ըն­տա­նիք կազ­մե­լը կը դժ­ուա­րա­նայ, յատ­կա­պէս՝ զա­ւակ­նե­րու տար­բեր տա­րի­քի հո­գա­տա­րու­թիւնը: Բայց եւ այն­պէս կեան­քը կը շա­րու­նակ­ուի, երի­տա­սար­դու­թիւնը յա­մա­ռօ­րէն տո­կա­լով այս պայ­ման­նե­րը կը փոր­ձէ յաղ­թա­հա­րել:»
Յի­շենք, որ Ըն­կե­րա­յին Ծա­ռա­յու­թեան Խոր­հուր­դի աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս կը կազ­մէ նա­եւ առող­ջա­պա­հա­կան-բժշ­կա­կան օժան­դա­կու­թիւն­ներ մա­տու­ցե­լը, հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար (Salt) հաս­տա­տու­թեան: Հիմն­ուե­լով վեր­ջին թիւե­րուն վրայ, տոքթ. Պեր­ճը յայտ­նեց.«Շնոր­հիւ հաս­տա­տու­թեան ֆի­նան­սա­ւոր­ման, 400 ան­հա­տի հեր­թա­բար կը տրա­մադր­ուի դե­ղո­րայք, իսկ վեր­ջին 4 ամիս­նե­րուն ըն­թաց­քին 150 հիւան­դի գոր­ծո­ղու­թեան գու­մա­րի աջակ­ցու­թիւն»:
Ող­ջու­նե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն է անց­նող տար­ուը­նէ մին­չեւ այ­սօր ՀՅԴ Բ.ի օժան­դա­կու­թիւնը պսա­կա­ձեւ ժահ­րի հա­մա­ճա­րա­կով վա­րա­կուող­նե­րու պա­րա­գա­նե­րուն: «Հա­մա­ճա­րա­կի յաղ­թա­հա­րու­մը  լուրջ մար­տահ­րա­ւէր էր մե­զի հա­մար: Տագ­նա­պա­լի վի­ճա­կը մեզ հրա­ւի­րեց տէր կանգ­նե­լու մեր առա­քե­լու­թեան իբր բժշ­կա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս ծա­ռա­յող զի­նուոր­ներ: Մին­չեւ այ­սօր հայ ազ­գի զա­ւակ­նե­րէն 150 ան­հա­տի յա­ջո­ղած ենք օգ­տա­կար դառ­նալ, տրա­մադ­րե­լով դե­ղո­րայք, թթ­ուա­ծի­նի շի­շեր եւ հիւան­դա­նո­ցի դիւ­րու­թիւն­ներ»:
Խոր­հուր­դի աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս կը կազ­մեն նա­եւ ըն­տա­նե­կան հար­ցե­րու լուծ­ման միջ­նոր­դու­թիւնը, կտա­կա­րար­նե­րու հո­գա­տա­րու­թիւնը, երի­տա­սարդ տար­րին աշ­խա­տան­քի մի­ջոց­նե­րու որո­նու­մը, եւ այլն:
Բժիշ­կը կոչ ուղ­ղեց մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն չտա­տամ­սիլ որե­ւէ օգ­նու­թեան դի­մե­լու. «Ազգ. Առաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս Խոր­հուր­դիս գրա­սեն­եա­կը բաց է մեր ազ­գի զա­ւակ­նե­րը ըն­դու­նե­լու ամէն օր առտ­ուը­նէ մին­չեւ կէ­սօր­ուան ժա­մը 1:00, բա­ցի կի­րա­կի օրե­րէն:»
Ներ­կայ կա­ցու­թիւնն ու այս թիւե­րը մտա­ծել կու տան, թէ մին­չեւ ե՞րբ ոմանք պի­տի ստիպ­ուին ապա­ւի­նիլ նման օժան­դա­կու­թիւն­նե­րու. Տա­րե­ցը՝ իր դե­ղո­րայ­քը ապա­հո­վե­լու, թշ­ուառ հիւան­դը գոր­ծո­ղու­թեան գու­մա­րը եւ երի­տա­սար­դը իր բազ­մա­թիւ ծախ­սե­րէն փոքր բա­ժին մը ապա­հո­վե­լու: Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րէն, ոմանց հա­մար օժան­դա­կու­թիւն ստա­նա­լը դար­ձաւ կեան­քի ձեւ, պար­տադ­րան­քի տակ պա­հե­լով  օժան­դա­կող կող­մը, նոյ­նիսկ երբ կա­րի­քա­ւո­րին վի­ճա­կը մա­սամբ մը բա­րե­լաւ­ուի։ Ու­րիշ­ներ, կա­րի­քա­ւոր ըլ­լա­լով մէկ­տեղ անըն­դու­նե­լի կը հա­մա­րեն օժան­դա­կու­թեան խնդ­րանքն ու նու­ի­րու­մը, որով­հե­տեւ իրենց  ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը աւե­լի բարձր կը դա­սեն: Սղաճն ու տն­տե­սա­կան ան­կա­յուն կա­ցու­թիւնը, սա­կայն, հետ-զ­հե­տէ կը շեշ­տեն նման օժան­դա­կու­թիւն­նե­րու կա­րիքն ու կա­րե­ւո­րու­թիւնը գա­ղու­թի ֆի­զի­քա­կան գո­յա­տեւ­ման հա­մար: Այդ­ուա­մե­նայ­նիւ, օժան­դա­կու­թիւն­նե­րը կը մնան առ­ժամ­եայ հնարք, պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րը ուղ­ղե­լով մնա­յուն լու­ծում­նե­րու որոն­ման:
Ար­դե՞օք ներ­քին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով եւ ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ մա­սամբ ձեռ­բա­զա­տիլ նման դի­մում­նե­րէ: Մեր աշ­խա­տա­սէր երի­տա­սար­դու­թիւնը կա­րո­ղու­թիւն ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն ու­նի իր ճակ­տի քր­տին­քով հո­գա­լու իր օրա­պա­հի­կը, սա­կայն ներ­կայ պայ­ման­նե­րու իւ­րա­քան­չիւր զար­գա­ցում ոմանց կը ստի­պէ «Յոյ­սեր»ու դի­մել: Յոյս կա՞յ, որ «Յոյս»երէն ձեր­բա­զա­տինք օր մը… :
Սեւանայ Հալլաճեան