«Արմէնփրէս».- ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն յայտնեցին, որ 29 Յուլիսին, ժամը 08:40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները կրկին կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ հաստատուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
Ընթացած է կարճատեւ փոխհրաձգութիւն, հայ դիրքապահներու գործողութիւններէն վերջ հակառակորդի կրակը լռած է:
29 Յուլիսի սադրանքներուն հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ԶՈՒ մէկ զինուորական ծառայող: