«Երկիր».-29 Յուլիսին` ժամը 03:00-ի սահմաններուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ` Քարվաճառի ուղղութեամբ, ատրպէյճանական Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները, խախտելով նախորդ օրը ձեռք բերուած` կրակի դադրեցումի մասին համաձայնութիւնը, կրկին դիմած են սադրանքի` հրաձգային զինատեսակներով կրակ բանալով հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններէն յետոյ կրակը կեցած է: