28 Յուլիսին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» դաշինքներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՀՀ ինքնիշխան տարածք ներխուժած ատրպէյճանական ռազմական ստորաբաժանումներու կողմէն հայկական դիրքերուն վրայ յարձակումը, անոր հետեւանքով ՀՀ Զինեալ Ուժերուն կրած կորուստներուն, ինչպէս նաեւ սահմանի ամբողջ երկայնքով իրավիճակի սրումին հետ կապուած հարցեր: «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները, խոր մտահոգութիւն յայտնելով ստեղծուած իրավիճակի առնչութեամբ, յարկ համարած են յայտարարել`
1․ ՀՀ սահմաններուն թշնամիի շարունակական սադրանքներն ու սանձարձակ վարքագիծը եւ այս առնչութեամբ ՀՀ իշխանութիւններու անգործութիւնն ու անկարողութիւնը անգամ մը եւս կ’ապացուցեն, որ վերջին ընտրութիւնները, ցաւօք, չեն կրցած լուծել Հայաստանի առջեւ ծառացած առաջնային անվտանգային հարցերը եւ մարտահրաւէրները:
2․ Հայաստանեան հասարակութիւնը պէտք է պաշտօնապէս տեղեկացուած ըլլայ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան` տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած հայ-ատրպէյճանական կարելի բանակցութիւններու բովանդակութեան եւ ընթացքի մասին:
3․ Պաքուի բռնապետը պէտք է յստակօրէն հասկնայ, որ խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններու հետեւանքով Հայաստանի մէջ ստեղծուած է նոր իրավիճակ, որուն համաձայն՝ ձեւաւորուած է խորհրդարանական ազգային եւ առողջ ընդդիմութիւն, որ պիտի օգտագործէ իր ունեցած բոլոր կարելիութիւնները եւ լծակները թշնամին միջազգային ասպարէզին մէջ սանձելու եւ ՀՀ ազգային ու պետական շահերը սպասարկելու նպատակով:
4․ Մեր լիակատար զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը կը յայտնենք ՀՀ Զինեալ Ուժերուն` հաւաստիացնելով, որ բոլոր միջոցներով սատար կը կանգնինք մեր բանակի զինուորներուն եւ սպաներուն թշնամիին արժանի հակահարուած հասցնելու գործին մէջ:
5․ Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնենք ՀՀ Զինեալ Ուժերու զոհուած զինուորականներու ընտանիքներուն, իսկ վիրաւորներուն կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում: