ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբը, 28 Յուլիսի առաւօտեան հայ-ատրպէյճանական սահմանին ծաւալած մարտական գործողութիւններու լոյսին տակ, կրկին դիմած է Քոնկրեսին` կոչ ուղղելով անյապաղօէն դադրեցնելու ԱՄՆ-ի ռազմական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին:
«Նկատի առնելով այս առաւօտեան Ատրպէյճանի վերսկսած յարձակումները Հայաստանի վրայ` առաւել եւս անհրաժեշտ է, որ Քոնկրեսը անյապաղօրէն դադրեցնէ ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանի սրիկա, ցեղապաշտ, քարիւղով հարուստ Ալիեւի բռնապետութեան», ըսուած է համապատասխան յայտարարութեան մէջ: