Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ 28 Յուլիսին ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց Ատրպէյճանիը ռազմական օգնութենէն զրկելու առնչութեամբ բանաձեւը:
Քոնկրեսական Փալոնի ներկայացուցած փոփոխութեան մէջ ըսուած է. «Միջազգային Ռազմական Կրթութիւն եւ Ուսուցում», ինչպէս նաեւ «Արտաքին Ռազմական Ֆինանսաւորման Ծրագիրի» միջոցով յատկացուող որեւէ տնտեսական օժանդակութիւն պիտի չտրամադրուի Ատրպէյճանին: