“Երկիր Մետիա”._30 Յուլիսին ատրպէյճանական զինեալ ուժերը կրկին սադրանքի դիմած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի նախիջեւանեան կողմերը։ Յատկապէս՝ ժամը 11։20-էն մինչեւ 11։30, ատրպէյճանական ստորաբաժանումները, դիպուկահար զէնքերով եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են Երասխի հատուածին մէջ հաստատուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Պատասխան գործողութիւններով թշնամիին կրակը դադրեցուցած են։ Հայկական կողմէն տուժողներ չկան։