” ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան “Արմէնփրէս”_ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Փելոունի ուղղման ընդունումը ամերիկեան Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատին յստակ ուղերձն է Հայաստանի դէմ յարձակում իրականացնող Ատրպէյճանին։ Ան տեղեկացուց, որ Հայ Դատի Յանձնախումբը այժմ կ’աշխատի գործընթացը աւարտին հասցնել եւ Ատրպէյճանին յատկացուող ամերիկեան ռազմական օգնութեան ամբողջական արգելափակումին հասնիլ: Կիրօ Մանոյեան կարեւոր համարեց Քոնկրեսի 907-րդ բանաձեւի վերականգնումը: «Ինչ որ եղած է՝ օրէնսդիր մարմնի մեծամասնութեան կողմէն կատարուած է։ Թէ ինչ որոշում կ’ընդունի Սպիտակ տունը՝ուրիշ հարց է: Պարզ է, որ սա յստակ ուղերձ է Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէն: Բայց Ուաշինկթընի մէջ ուրիշ դերակատարներ ալ կան: Խօսքը ե՛ւ Ծերակոյտի, ե՛ւ Սպիտակ տան մասին է: Ճիշդ է՝ ե՛ւ երկու պալատի մեծամասնութիւնները, ե՛ւ նախագահը հիմա նոյն Ժողովրդավարական կուսակցութենէն են, բայց անպայման ամէն ինչ ճիշդ նոյն ձեւով չեն տեսներ եւ ճիշդ նոյն ձեւով չեն ըներ։ Ուրեմն, աշխատանքները պիտի շարունակուին, որպէսզի այնպէս ըլլայ, որ բոլորն ալ յստակ պատգամ ուղարկեն Ատրպէյճանին», ըսաւ Հայ Դատի երևանեան գրասենեակի պատասխանատուն: Կիրօ Մանոյեանի արժեւորումով՝ օրինագիծի ընդունման վրայ ազդած են տարբեր գործօններ՝ նախորդ տարուան պատերազմը եւ Ատրպէյճանի ներկայիս յարձակողական գործողութիւնները Հայաստանի սահմանին: Բայց աւելի կարեւոր դեր խաղցած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին աշխատանքը: «Վերջին օրերուն բազմահազար հայորդիներ դիմած են իրենց ներկայացուցիչներուն՝ քոնկրեսականներուն, որպէսզի քուէարկեն առաջարկուած օրինագիծին ընդունման ի նպաստ», ըսաւ դաշնակցական գործիչը՝ աւելցնելով, որ վերջնական որոշումին համար անհրաժեշտ է, որ Պելոունի ուղղումը հաստատէ նաեւ Քոնկրեսի վերին պալատը՝ Ծերակոյտը: Այլ խօսքով՝ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ ընդունուելէն վերջ, օրինագիծը պէտք է երթայ Ծերակոյտ, ուր հաստատուելէ վերջ Քոնկրեսի երկու պալատները իրենց ընդունած տարբերակները պէտք է համադրեն իրարու հետ: «Պալատներէն իւրաքանչիւրը, նախ, իր տարբերակը պիտի քուէարկէ, յետոյ միացեալ յանձնախումբ կամ յանձնաժողով պիտի ստեղծուի, որ պիտի փորձէ համադրել եւ պատրաստել եզրակացութիւնը։ Վերջնական, միացեալ տարբերակը, կրկին պիտի երթայ դրուի պալատներու քուէարկութեան», բացատրեց մեր զրուցակիցը: Մանոյեան ըսաւ, որ Ատրպէյճանին ամերիկեան ռազմական օգնութեան վերջնական դադրեցումին հասնելու համար Պելոունի ուղղման հաստատումը Քոնգրեսի երկու պալատներուն մէջ բաւարար չէ, որովհետեւ Ներկայացուցիչներու պալատը եւ Ծերակոյտը կը քուէարկեն միայն այն յատկացումներուն առնչութեամբ, որոնք նախատեսուած են պիւտճէով: Մնացածը Փենթակոնի՝ պաշտպանութեան բաժինի լիազօրութիւնն է՝ ԱՄՆ օրենսդրութեան 333-րդ յօդուածին համաձայն: Պելոունի ուղղումը չ’արգելափակեր Փենթակոնի կողմէ հայեցողաբար ռազմական ճարտարագիտութեան տրամադրումը: Այդ յատկացումները արգելափակելու համար անհրաժեշտ է վերականգնել 907-րդ բանաձեւը, որ արգիլած էր ԱՄՆ կառավարութեան օգնութիւն յատկացնել Ատրպէյճանին՝ այնքան ատեն, որ Ատրպէյճանը չէ դադրեցուցած Հայաստանի շրջափակումը եւ ուժի այլ կիրառումները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ: Հայ Դատի Յանձնախումբի ուաշինկթընեան գրասենեակէն յայտնած են, որ այժմ աշխատանքներ կը տարուին նաեւ այդ ուղղութեամբ: Հայ Դատի երևանեան գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ եթէ նաեւ յաջողինք հասնիլ Քոնկրեսի մէջ 907-րդ բանաձեւի վերագործարկումին, այլեւս ոչ մէկ ռազմական օժանդակութիւն կ՚երթայ Ատրպէյճան: “Անիկա առանձին բարեփոխման առաջարկ է: Իրենք իրաւունք ունին նաեւ բանաձեւի տեսքով ընդհանուր պիւտճէի փոփոխման վերաբերեալ առաջարկներ տալ: Կայ համապատասխան յանձնաժողով, որ կ’որոշէ, թէ որ առաջարկները իբրեւ բարեփոխում պիտի ներկայացուին լիագումար նիստին: Հիմա այդ գործընթացը կ’ընթանայ», պարզաբանեց Կիրօ Մանոյեան: