ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուր­իոյ Ֆութ­պո­լի Դաշ­նու­թիւնը բա­րե­կա­մա­կան հան­դի­պու­մի հրա­ւէր-նա­մակ մը յղած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ֆութ­պո­լի Դաշ­նութ­եան զոյգ եր­կիր­նե­րու առա­ջին հա­ւա­քա­կան­նե­րուն: Կո­մի­տէն բա­րե­կա­մա­կան հան­դի­պում­նե­րու նա­մակ­ներ յղած է նա­եւ Իրա­նի, Աւստ­րալ­իոյ եւ Ուզ­պէ­քիս­տա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն: Կի­րա­կի օր, հա­ւա­քա­կա­նը ու­սում­նա­մար­զա­կան հա­ւա­քի մը մեկ­նար­կը կա­տա­րեց Հա­լէ­պի մէջ, գլ­խա­ւո­րու­թեամբ նո­րան­շա­նակ մար­զիչ Նի­զար Մահ­րու­սի:
– Թոք­իո­յի մէջ կա­յա­ցած ողոմպ­ի­ա­կան մր­ցում­նե­րուն, Սուր­իոյ փինկ-փոն­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ 12-ամ­եայ Հընտ Զա­զա պար­տու­թեան մատն­ուե­ցաւ Աւստրիան ներ­կա­յաց­նող 39-ամ­եայ Լիօ Ճիա­յէն:
–  Կի­րա­կի օր Դա­մաս­կո­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սուր­իոյ 2021-2022 տա­րեշր­ջա­նի մր­ցա­շար­քի վի­ճա­կաձ­գու­մը: Առա­ջին փու­լի մր­ցում­նե­րը եղան հե­տեւ­եալ պատ­կե­րով. Ուահ­տէ-Հուր­ճու­լա, Աֆ­րին-Հըթ­թին, Ճապ­լէ-Ուաս­պէ, Թալ­ի­աա- Նաու­ա­ա­իր ,  Քա­րա­մէ-Շըր­թա, Թիշ­րին- Իթ­թի­հատ, Ճէյշ-Ֆութ­ուա: Աւելց­նենք, որ առա­ջին փու­լը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 13 Օգոս­տոս 2021-ին:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ՌՈՆԱԼՏՕՆ ԻՒՎԷՆԹՈՍԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ
«Football Italia» օրա­թեր­թը Կի­րա­կի օր տե­ղե­կա­ցուց, թէ Իւ­վէն­թո­սի խա­ղա­ցող փոր­թու­կալ­ցի Քրիստ­ի­ա­նօ Ռո­նալ­տօն հա­մա­ձայ­նած է մնալ խում­բի կազ­մին մէջ մին­չեւ յա­ռա­ջի­կայ ամառ՝ պայ­մա­նագ­րու­թեան աւար­տը: Ըստ յայ­տա­րա­րու­թեան, Ռո­նալ­տօն իր մար­զում­նե­րուն սկ­սած է Եր­կու­շաբ­թի օրու­ընէ՝ նա­խա­պատ­րաստ­ուե­լու իտա­լա­կան կազ­մին հետ իր չոր­րորդ տա­րեշր­ջա­նին:  Ռո­նալ­տո­յին հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­ցին ֆրան­սա­կան Փա­րիզ Սան Ժեր­մանն ու Անգլ­իոյ Ման­չես­թըր Իւ­նայ­թը­տը, բայց անոր Թո­րի­նօ ժա­մա­նե­լը վերջ տուաւ բո­լոր այս բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն:
ՍԼՇԱՅԸՐ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Անգլ­իոյ Ման­չէս­թըր Իւ­նայ­թը­տի մար­զիչ Օլի Կոնար Սլ­շա­յըր եր­կա­րաձ­գեց խում­բին հետ իր պայ­մա­նագ­րու­թիւնը մին­չեւ 2024-ի ամառ: Ան 2018-ին առ­ժա­մա­պէս ստանձ­նեց խում­բին մար­զի­չու­թիւնը, որ­մէ մէկ տա­րի ետք պաշ­տօ­նա­պէս երեք տար­ուան պայ­մա­նագ­րու­թիւն մը ստո­րագ­րեց խում­բին հետ: 48 տա­րե­կան նոր­ուէկ­իա­ցի մաս­նա­գէ­տը  ակում­բի կայ­քին վրայ գրած է. «Բո­լո­րը տեղ­եակ են, թէ ես որ­քան հա­րա­զատ կը զգամ ինք­զինքս ակում­բին մէջ: Ու­րախ եմ նոր պայ­մա­նագ­րու­թիւն ստո­րագ­րե­լուս հա­մար: Վեր­ջին տա­րեշր­ջա­նին մենք յա­ջո­ղե­ցանք ու­ժեղ խումբ մը կազ­մել եւ պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր աշ­խա­տան­քը աւե­լի յա­ջող ար­դիւնք­նե­րու հաս­նե­լու հա­մար»: յի­շեց­նենք, որ  ըն­թա­ցիկ տա­րեշր­ջա­նին Իւ­նայ­թը­տը գրա­ւեց ախոյ­եա­նու­թեան երկ­րորդ դիր­քը, ինչ­պէս նա­եւ պար­տու­թեան մատն­ուե­ցաւ թա­գա­ւո­րա­կան բա­ժա­կի աւար­տա­կա­նին:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ