«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ Ազգային մեծ Ժողովի (խորհրդարան) նախագահ Մուսթաֆա Շէնթոփը այցելած է Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական Շուշի բերդաքաղաք:
Թրքական TRT պտկերասփիւռային կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Շէնթոփ խօսած է հայերոնւ կողմէն «Շուշիի աւերումին» մասին՝ յայտնելով, որ Շուշին շուտով պիտի վերականգնի:
Արցախի խաղաղ բնակավայրերու ռմբակոծման ու աւերման մէջ մեծ ներդրում ունեցած պետութեան խորհրդարանի ղեկավարը անհեթեթաբար հայկական կողմը մեղադրած է բարբարոսութեան եւ աւերածութիւններ իրականացնելու մէջ:
Ատրպէյճանի, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահները միասին շրջած են Ատրպէյճանի կողմէն զաւթուած հայկական բերդաքաղաքին մէջ:
Շէնթոփ ուղերձ յղած է Հայաստանին` կոչ ուղղելով հրաժարելու «յարձակողական քաղաքականութենէն»: Ան տարածաշրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան դէմ ուղղուած քայլերուն մէջ մեղադրած է Հայաստանը` դիտել տալով որ խաղաղութիւնը առաջին կարգին Հայաստանի ժողովուրդին անհրաժեշտ է: