«Երկիր».- ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը յայտնած է, որ Եւրոպական Խորհրդարանի ներկայացուցիչները դատապարտած են Ատրպէյճանի վերջին յայտարարութիւնները:
Եւրոպական խորհրդարանի ըՀարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիւրանտ, Եւրոպական Խորհրդարանի` Հայաստանի հարցով հիմնական զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւն ու Ատրպէյճանի հարցով հիմնական զեկուցող Ժելիանա Զովքօն հանդէս եկած են միատեղ յայտարարութեամբ:
Անոնք դատապարտած են Իլհամ Ալիեւի վերջին սադրիչ այն յայտարարութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը ատրպէյճանական «նախնիներու երկիր» է:
«Նման յայտարարութիւնները խիստ անպատասխանատու են եւ կը սպառնան տարածաշրջանային անվտանգութեան», ըսած են եւրոպական պատգամաւորները:
Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորները կրկին կոչ ուղղած են Ատրպէյճանին 12 Մայիսէն վերջ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն դուրս բերել իրենց զինեալ ուժերը: Անոնք նաեւ հակամարտութեան կայուն կարգաւորման, ներառեալ Արցախի ապագայ կարգավիճակի յստակեցման կոբ ուղղած են անոր: