«Երկիր».-31 Յուլիսին, ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, որ ժամը 06:30-ին, ատրպէյճանական Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ հաստատուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ եւ փորձած են երկրաչափական ճարտարագիտութեան կիրառումով շինարարական աշխատանքներ իրականացնել:
Հայ դիրքապահները պատասխան գործողութիւններով հակառակորդին կրակը դադրեցուցած են, շինարարական աշխատանքները դադրած են:
Ժամը 11:00-էն սկսեալ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումներու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: