«Երկիր».-ԱՄՆ քոնկրեսական Քեթրին Քլարք կոչ ուղղած է Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն անմիջապէս դուրս գալու Հայաստանի տարածքէն:
«Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պէտք է անյապաղօրէն ետ քաշուին Հայաստանի տարածքէն եւ դադրեցնեն բռնութիւնը, որ արդէն բազմաթիւ մարդկային կեանքեր խլած է», «թուիթըր»-ի իր միքրոպլոկին վրայ գրած է ԱՄՆ քոնկրեսականը:
Ան յայտնած է, որ հպարտ է, որ կողմ քուէարկած է ԱՄՆ-ի կողմէն ռազմական օգնութեան տրամադրումը Ատրպէյճանին դադրեցնելու ու հայ ժողովուրդի կողքին ըլլալու համար քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնի առաջարկած օրէնսդրական փոփոխութեան`: