Շաբաթ, 31 Յուլիս 2021-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր մասնակցութիւնը բերաւ միջեկեղեցական հերթական ժողովին, Ասորի Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանէն ներս, հիւրընկալութեամբ Ասորի Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Անթուան Շահտա Սրբազանին, ներկայութեամբ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն:
Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէր Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան։
Ժողովին արծարծուեցան եկեղեցիները յուզող զանազան հարցեր:
Աւարտին, ժողովականները պարգեւատրեցին Հալէպի նահանգապետարանի խորհուրդի քարտուղար տիար Ճորճ Պախխաշը, իր մատուցած ծառայութիւններուն համար։