Երկուշաբթի, 2 Օգոստոս 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ սուրիական վառելանիւթի պետական ընկերութիւնը յայտարարած է, որ Կիրակի, 1 Օգոստոս 2021-էն սկսեալ «խելացի քարտերու» միջոցաւ մազութ պիտի տրամադրուի ժողովուրդին, այնպէս ինչպէս կը տրամադրուի պէնզինը եւ այլ նիւթեր։ Սկզբնական փուլին միայն 50 լիթր պիտի տրամադրուի, ապա՝ մնացած տրամադրելի քանակը։