Շուէտի Հայ Դատի Յանձնախումբը նոյն երկրի արտաքին գործոց նախարարին յղած նամակով դատապարտած է 9-10 Յուլիս 2021-ին Ատրպէյճանի մէջ շարք մը երկիրներու դեսպաններուն եւ դիւանագէտներուն այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ` գրաւուած հայկական Շուշի քաղաք, որուն մաս կազմած է նաեւ Շուէտի դեսպան Քամիլ Քրիստիան: «Նամակին մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտնած է, որ` «Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպւած այս քարոզչական շրջագայութեան միանալու Շուէտի դիւանագէտին որոշումը ցաւալի արարք է: «Հայ Դատի Յանձնախումբը այն կարծիքին է, որ Շուէտի պետութիւնը այս արարքին միջոցով հաստատած է Լեռնային Ղարաբաղին, Արցախին եւ Շուշիին բռնագրաւումը եւ այդպիսով օրինականացուցած է այդ տարածքներուն մէջ տեղական հայ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները», գրուած է նամակին մէջ: Նամակի մէջ յատկապէս շեշտուած է, որ Թուրքիոյ Զինեալ ուժերով եւ սուրիացի վարձկան ահաբեկիչներով` Ատրպէյճանի Զինեալ ուժերը 2020-ի աշնան «44-օրեայ պատերազմի» ընթացքին դիտաւորեալ ոչնչացուցին Շուշիի քաղաքացիական ենթակառոյցները եւ երկու անգամ ռմբակոծեցին քաղաքի Մայր տաճարը: «Այս կործանարար պատերազմին հետեւանքով թուրք-ատրպէյճանական պետութիւններու կողմէն տանդեմի մէջ, դարաւոր հայկական Շուշի քաղաքը այժմ ենթարկուած է ցեղապաշտային ամբողջական զտումներու եւ զրկուած է իր բնակչութենէն` հայերէն»: Շուէտի Հայ Դատի Յանձնախումբի նամակին մէջ շեշտաւորուելով այն հարցը, որ ԵԱՀԿ-ի կողմէն տարուող բանակցութիւններուն երկու հիմնարար սկզբունքներէն` ուժ չկիրառելը եւ մարդու ինքնորոշման իրաւունքը խախտուած են Ատրպէյճանի կողմէն պատերազմի ընթացքին, յայտնուած է, որ «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի եռանախագահութիւնը` Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի դեսպանները Պաքուի մէջ հրաժարեցան մասնակցելու այս ուղեւորութեան` յստակ պատգամ փոխանցելով, որ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը տակաւին լուծուած չէ»: Նամակին մէջ ըսուած է, որ ըստ երեւոյթին Շուէտը, որ նախագահած է է ԵԱՀԿ-ը, ընդունելով Շուշի ուղեւորութեան հրաւէրը դարձաւ հակամարտութեան կողմ` Ատրպէյճանի վարչակարգի քարոզչական արշաւի մասնակիցը, եւ նոյն երկրի դեսպանը ամբողջովին անտեսեց հետեւեալ երկու հիմնական փաստերն ու խարխլեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ջանքերը` գտնելու Ղարաբաղեան հակամարտութեան տեւական, խաղաղ եւ արդար լուծում: Հետեւեալ երկու հիմնական փաստերն են` 1-Ատրպէյճանը կը շարունակէ ապօրինի կերպով պահել 200-է աւելի հայ ռազմագերիներ: Այս բանտարկեալները խոշտանգումներու ենթարկուած են եւ օգտագործուած են որպէս քաղաքական սակարկութեան առարկայ, որ կը հակասէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէն ստորագրուած Նոյեմբեր 2020-ին եռակողմ զինադադարի հռչակագիրին մէջ նշուած կէտերուն: 2-Ատրպէյճան կը շարունակէ հրաժարիլ միջազգային կազմակերպութիւններու պահանջէն, ինչպէս ԻՒՆԵՍՔՕ-ի պարագային, թոյլ տալ այցելելու Լեռնային Ղարաբաղի հայկական կրօնական յուշարձանները: Մինչդեռ հայկական կրօնական յուշարձաններու պղծումի եւ ամբողջական ոչնչացումի ապացոյցներ ի յայտ եկած են: «Վերջապէս ոչ պակաս կարեւոր է Մայիս 2021-էն ի վեր ատրպէյճանական բանակի կողմէն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ գտնւող Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզեր ներխուժման փաստը, առեւանգելով հայ զինւորականները եւ բռնութիւններ հրահրելով խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ: Շուէտի հայերը վրդոված են եւ բացատրութիւն կը պահանջեն, թէ ինչու Պաքուի մէջ Շուէտի դեսպանը մասնակցեցաւ Շուշի կազմակերպուած այցելութեան», գրուած է նամակի վերջաւորութեան: Շուէտի արտաքին գործոց նախարարին Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէն յղած բողոք-նամակին պատասխանած է նոյն նախարարութեան նամակագրութեան բաժինի համակարգող Վիքթորիա Պիիրէնէն` նամակով մը, որուն մէջ յիշուած է, որ ,»Շուէտը այս այցելութեան մաս կազմեց պետական մակարդակով եւ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ այն շրջաններուն մէջ, որ միջազգային օրէնքին հիման վրայ կը պատկանի Ատրպէյճանին»: Նամակի մէկ այլ բաժինին մէջ դիտել տալով, որ Շուէտը իր կատարեալ աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ջանքերուն` կողմերուն միջեւ խաղաղ եւ կայուն կարգավիճակ եւ փոխվստահութեան մթնոլորտ իրականացնելու գործընթացին, յստակացնելով` «Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը բազմիցս շեշտած է մարդասիրական իրաւունքի հասանելիութեան եւ բանտարկեալներու ազատ արձակման կարեւորութիւնը»: Մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան ջատակով հանդիսացող եւրոպայի կարեւոր ներկայացուցիչը կ’անտեսէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը, պատերազմին հետեւանքով գերեվարուածներուն ճակատագիրը եւ մարդկային տարրական իրաւունքը` բնակիլ այն հողին մէջ ուր մարդիկ ծնած, ապրած ու ստեղծագործած են: Շուէտի ԱԳ Նախարարութիւնը աչք փակած է նաեւ այն իրողութեան, որ Շուշին երբեք չէ եղած Ատրպէյճան կոչուող պետութեան տարածքին մէջ: Շուշին մշատպէս եղած է նախկին ԼՂԻՄ-ի, ապա նաեւ` Արցախի Հանրապետութեան կազմին մէջ: Իսկ Արցախի Հանրապետութեան ապագայ կարգավիճակին հարցը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ 20 տարիէն աւելի, ԼՂ հակամարտութեան առնչութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի հովանիին տակ ընթացող բանակցութիւններու օրակարգին կարեւորագոյն հարցերէն մէկը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: