Վեհափառ հայրապետը հրաւէր ստացաւ իբրեւ գլխաւոր դասախօս մասնակցելու Քսաններու խմբակի երկիրներու պետերուն հանդիպման նախօրեակին տեղի ունենալիք միջազգային ֆորումին: Արամ Ա. կաթողիկոս պիտի խօսի «Կրօնի դերը տագնապներու լուծման գծով յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ» նիւթին շուրջ: Քսաններու խմբակի Ֆորումը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ, 12-14 Սեպտեմբեր 2021-ին: Անոր պիտի մասնակցին կրօնական, գիտական, տեղեկատուական, ակադեմական եւ այլ մարզերու առնչուած բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ: