«Արմէնփրէս».- ՀՀ նախագահի հրամանագիրով Նիկոլ Փաշինեան նշանակուած է ՀՀ վարչապետ: Հրամանագիրը հրապարակուած է ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ: «Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 1-ին մասը. Նիկոլ Փաշինեանը նշանակել վարչապետ», ըսուած է հրամանագիրին մէջ: Վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր Ազգային Ժողովի իշխող մեծամասնութիւն ունեցող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան վարչապետի պաշտօնէն հրաժարականը ներկայացուցած էր 25 Ապրիլ 2021-ին` տալով Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու գործընթացի մեկնարկը: Հրաժարականէն ետք Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարի պարտականութիւնները կը կատարէր: