Եր­կու­շաբ­թի, 2 Օգոս­տոս 2021-ին սկ­սաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տութ­եան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի 8-րդ գու­մար­ման առա­ջին նս­տաշր­ջա­նը:
Նոր կազմ­ուած խորհր­դա­րա­նին մէջ կան երեք քա­ղա­քա­կան ու­ժեր՝ «Իմ Քայ­լը», «Պա­տիւ Ու­նեմ» եւ «Հա­յաս­տան» դա­շինք­նե­րը:
Օրա­կար­գի հար­ցերն էին Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հի, փոխ­նա­խա­գահ­նե­րու, յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րու ընտ­րու­թեան հար­ցը եւ այլ հար­ցեր:
Խորհր­դա­րա­նը ու­նի 107 պատ­գա­մա­ւոր, որ­մէ 71-ը՝ իշ­խա­նա­կան:
Նիս­տին ներ­կայ եղան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ար­մէն Սարգս­եանն ու Ամե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը: Առա­ջին նիս­տը վա­րեց Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի տա­րի­քով աւագ պատ­գա­մա­ւո­րը՝ Կն­եազ Հա­սա­նո­վը, որուն կող­մէ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նս­տաշր­ջա­նը բաց­ուած յայ­տա­րար­ուե­լէ ետք, հն­չեց Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան քայ­լեր­գը: Նիս­տը սկ­սաւ մէկ վայրկ­եան լռու­թեամբ՝ ի յար­գանս պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին յա­նուն հայ­րե­նի­քի զոհ­ուած հա­յոր­դի­նե­րու յի­շա­տա­կին:
«Հա­յաս­տան» դա­շին­քի պատ­գա­մա­ւոր Ար­մէն Ռուս­տամ­եան՝ անդ­րա­դառ­նա­լով «Հա­յաս­տան» դա­շին­քի ան­դամ­ներ Ար­թուր Սարգս­եա­նի եւ Մխի­թար Զա­քար­եա­նի կա­լան­քի տակ գտն­ուե­լուն, յայ­տա­րա­րեց, որ ար­տա­ռոց վի­ճա­կի մէջ ենք, կա­րե­լի չէ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի այս­պի­սի գու­մա­րում, երբ եր­կու պատ­գա­մա­ւոր պաշ­տօ­նա­կից­ներ կը գտն­ուին կա­լան­քի տակ, ազա­տու­թե­նէ զրկ­ուած, որոնք, իրենց կամ­քին հա­կա­ռակ, չեն կր­նար մաս­նակ­ցիլ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նիս­տե­րուն, լի­ար­ժէք իրա­կա­նաց­նել իրենց լի­ա­զօ­րու­թիւն­նե­րը: Ռուս­տամ­եան ըսաւ. «Եթէ մենք կը կար­ծենք, թէ ոչինչ եղած է, այս­պէս հան­գիստ կա­րե­լի է սկ­սիլ, անց­նիլ օրա­կար­գին ու ան­տե­սել այս բո­լո­րը, ապա այս սկիզ­բով մենք լաւ տեղ պի­տի չհաս­նինք: Մենք իրա­ւունք չու­նինք կա­նո­նա­կար­գի կո­պիտ ոտ­նա­հա­րու­մով, խախ­տու­մով առ­ջեւ եր­թալ: Մեր աչ­քին առ­ջեւ թե­րու­թիւն ար­ձա­նագր­ուած է: Ան­ձեռնմ­խե­լիու­թիւնը շր­ջան­ցե­լով, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը ան­տե­սե­լով՝ մեր եր­կու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը կը գտն­ուին կա­լան­քի տակ: Ասի­կա ոչ միայն ոտնձ­գու­թիւն է այդ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու լի­ա­զօ­րու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ, այ­լեւ անար­գանք է Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին նկատ­մամբ», յայ­տա­րա­րեց ան:
Ռուս­տամ­եան ընդգ­ծեց՝ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի մար­մին­նե­րը, ղե­կա­վա­րու­թիւնը այդ նիս­տին պի­տի ձե­ւա­ւոր­ուին, եւ այդ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ո՛չ ընտ­րե­լու, ո՛չ ընտր­ուե­լու իրա­ւունք պի­տի ու­նե­նան, եթէ ներ­կայ չըլ­լան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի դահ­լի­ճին մէջ:
Աւելց­նենք, որ 8-րդ գու­մար­ման խորհր­դա­րա­նին մէջ ներ­կա­յաց­ուած «Հա­յաս­տան» դա­շին­քի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, ի նշան բո­ղո­քի, առա­ջին նիս­տին եկած էին Սիւ­նի­քի ազա­տազրկ­ուած հա­մայն­քա­պե­տնե­րու նկար­ներ կրող շա­պիկ­նե­րով: