«Մենք հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն պի­տի պայ­քա­րինք մեր ըն­կեր­նե­րուն ազա­տու­թեան հա­մար», շեշ­տեց «Հա­յաս­տան» խմ­բակ­ցու­թեան քար­տու­ղար Արծ­ուիկ Մի­նաս­եան՝ ներ­կա­յաց­նե­լով խմ­բակ­ցու­թեան կող­մէ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին առա­ջադր­ուած Մխի­թար Զա­քար­եա­նի կեն­սագ­րա­կա­նը:
«Մենք գործ ու­նինք ան­ձի մը հետ, որ 44-օր­եայ դա­ւա­դիր պա­տե­րազ­մի առա­ջին օրէն կանգ­նած էր սահ­ման­նե­րուն վրայ՝ հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան առա­ջին գի­ծին: Քիչ առաջ ակա­նա­տես եղանք, որ խախ­տե­ցաւ ընտ­րե­լու իրա­ւուն­քը Մխի­թար Զա­քար­եա­նի եւ Ար­թուր Սարգս­եա­նի: Այն քա­ղա­քա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւնը, որ տե­ղի ան­տե­ղի, գի­շեր-ցե­րեկ կը խօ­սի ընտ­րա­կան իրա­ւուն­քի ազա­տու­թեան մա­սին, այ­սօր, իր իսկ վար­քա­գի­ծով, այս իրա­ւուն­քը ոտ­նա­կո­խեց»: