Թուրք­իոյ ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան ախոր­ժակ­նե­րը բազ­միցս յայ­տա­րար­ուած են նա­խա­գա­հին եւ անոր կողմ­նա­կից քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն կող­մէ:
Այդ ախոր­ժակ­նե­րը սան­ձող իրա­ւա­կան հիմ­նա­կան ար­գել­քը Սեւրն է: Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րը օրի­նա­կան, միջ­պե­տա­կան փաս­տա­թուղթ է, քա­նի որ այս փաս­տա­թուղ­թին վրայ խարսխ­ուած  են թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ մի­ջի­նա­րե­ւել­եան շարք մը եր­կիր­նե­րու Հա­մաշ­խար­հա­յին Առա­ջին Պա­տե­րազ­մին  յա­ջոր­դող որոշ ժա­մա­նա­կա­հատ­ուա­ծի կամ ներ­կա­յի կար­գա­վի­ճակ­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ Սուր­իոյ (ներ­կա­յիս՝ Սուր­իա-Լի­բա­նան) եւ Մի­ջա­գետ­քի (ներ­կա­յիս՝ Իրաք-Քուէյթ), Պա­ղես­տի­նի (ներ­կա­յիս՝ Իս­րա­յէլ եւ Պա­ղես­տին), Հի­ճա­զի (ներ­կա­յիս՝ Սէ­ու­տա­կան Արաբ­իա), Եգիպ­տո­սի, Սու­տա­նի, Կիպ­րո­սի, Մա­րո­քի, Թու­նու­զի եւ Լիպ­իոյ: Փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագր­ուած է յիշ­եալ եր­կիր­նե­րուն կող­մէ, ինչ որ պար­տա­ւո­րու­թիւն կը թե­լադ­րէ ստո­րագ­րող եր­կիր­նե­րուն, մա­նա­ւանդ որ հե­տա­գա­յին չեղ­եալ չէ հա­մար­ուած ան:
Սեւ­րի հաշ­տու­թեան դաշ­նա­գի­րը այ­սօր ալ կը մնայ իբ­րեւ կա­րե­ւոր փաս­տա­թուղթ՝ Հայ­կա­կան հար­ցի լու­ծու­մին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի իրա­ւունք­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մին հա­մար:
Այս մէ­կը քաջ իմա­նա­լով, Թուրք­իոյ նա­խա­գա­հը մէ­կէ աւե­լի առիթ­նե­րով կը բո­ղո­քէր Սեւ­րին դէմ, պար­զե­լով ան­կախ եր­կիր­նե­րու տա­րածք­նե­րու բռ­նագ­րաւ­ման իր իշ­խա­նու­թեան նկր­տում­նե­րը:
 «Մենք մէկ դար առաջ պատ­ռած ենք Սեւ­րը, այ­սօր ալ մի­ջերկ­րա­կա­նի մէջ մե­զի պար­տադր­ուիլ փոր­ձուող Սեւ­րին առ­ջեւ գլուխ չենք կր­նար խո­նար­հեց­նել», կը յայ­տա­րա­րէր ան 2020-ին մի­ջերկ­րա­կա­նի մէջ Թուրք­իոյ ստեղ­ծած հար­ցե­րուն առի­թով:
«Սեւ­րի մտա­տան­ջու­թեամբ» տա­ռա­պող Թուրք­իոյ մէջ մեծ աղ­մուկ բարձ­րա­ցու­ցած էին Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րի ստո­րագր­ման 100-ամ­եա­կին առի­թով Հա­յաս­տա­նի կող­մէ կա­տար­ուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը: Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րը կ’առնչ­ուի նա­եւ Յու­նաս­տա­նին. ըստ այս դաշ­նա­գի­րին, Իզ­մի­րի (Զմիւռն­իա) շր­ջա­նը եւ Պոլ­սոյ շր­ջա­նին մեծ մա­սը պէտք էր անց­նէ­ին Յու­նաս­տա­նի վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ:
Այլ առի­թով մը Օգոս­տոս 2020-ին,  Էր­տո­ղա­նի գա­ղա­փա­րա­կից Մե­թին Քիւ­լիւնք «Թուի­թըր»ի վրայ կոչ ուղ­ղած էր՝ ստեղ­ծե­լու Մեծն Թուրք­իա, որ կ’ընդգր­կէ հիւ­սի­սա­յին Յու­նաս­տա­նը եւ Եգ­է­ա­կան ծո­վու արե­ւել­եան կղ­զի­նե­րու մեծ տա­րածք­նե­րը, Պուլ­կար­իոյ, Կիպ­րո­սի եւ ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի կէ­սը, ինչ­պէս նա­եւ Վրաս­տա­նի, Իրա­քի եւ Սուր­իոյ բազ­մա­թիւ տա­րածք­ներ:
Քիւ­լիւնք շարք մը գրա­ռում­նե­րով կը գո­վեր­գէր 1071 թուա­կա­նին Բիւ­զան­դա­կան կայս­րու­թեան դէմ Մա­նազ­կեր­տի մէջ սել­ճուք­նե­րու տա­րած յաղ­թա­նա­կը, ինչ որ ար­տօ­նած է աս­ի­ա­ցի թուր­քե­րուն պատ­մու­թեան մէջ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մուտք գոր­ծել Հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խարհ եւ Փոքր Աս­իա:
Թուրք­իոյ Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­կան այ­րե­րուն քայ­լե­րը ուղղ­ուած են այս ախոր­ժակ­նե­րու բա­ւա­րար­ման: Թուրք­ի­ան պի­տի ջա­նայ շա­հա­գոր­ծել իր ծո­վա­յին սահ­ման­նե­րու մէջ գտ­նուող բնա­կան կա­զի եւ քա­րիւ­ղի պա­շար­նե­րը, տա­րածք­ներ բռ­նագ­րա­ւե­լով սահ­ման­նե­րու ճա­նա­չում պար­տադ­րել շարք  մը եր­կիր­նե­րու, ինչ­պէս օրի­նակ Հա­յաս­տա­նի՝ Ար­ցա­խի հար­ցը շա­հա­գոր­ծե­լով, Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րու ապա­հո­վու­թեան սպառ­նա­լով, Սուր­իոյ՝ քր­տա­կան հար­ցին պատր­ուա­կով, ու իր բո­լոր  խա­ղա­քար­տե­րը պի­տի օգ­տա­գոր­ծէ ճն­շում բա­նեց­նե­լու Եւ­րո­պա­յի, Ռուս­իոյ եւ արա­բա­կան աշ­խար­հին վրայ:
Այս բո­լո­րին դէմ դնե­լու հա­մար հա­կաթր­քա­կան խա­ղա­քար­տեր եւ խլ­ուած իրա­ւունք­ներ ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րու գոր­ծակ­ցութ­եան ոլոր­տը զար­գա­նա­լու բա­զում առիթ­ներ կորսն­ցու­ցած է ար­դէն:
Ե՞րբ պի­տի կա­րե­նանք շօ­շա­փել հա­կա­թուրք եր­կիր­նե­րու ծրագր­եալ գոր­ծակ­ցու­թիւնը: Այդ գոր­ծակ­ցու­թիւնը նոր ու­ժա­կա­նու­թիւն կր­նայ հա­ղոր­դել Թուրք­իոյ սան­ձար­ձակ ծա­ւա­լա­պաշ­տութ­եան դէմ դնող կող­մե­րուն: