«Անթիլիաս».-Չորեքշաբթի, 18 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ երկար հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս սփիւռքի եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայութեան առնչուած հարցեր, նաեւ յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան գծով կատարուող աշխատանքներուն: