ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը 20 Օգոստոս 2021_ին կը տեղեկացնէ, որ Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբը հաղորդած է, որ Ֆետերալ ծերակուտականներ Էնտրիւ Պրեգի եւ Ժանէթ Ռայսի առաջնորդութեամբ Արցախի աւստրալիացի բարեկամներու մշտապէս աճող խումբին միացած են 16 նշանաւոր գործիչներ եւս՝ սատարելու Արցախի հայկական հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքին։ Արցախի աւստրալիացի բարեկամներու խումբը կազմաւորուեցաւ Օգոստոս 2019_ին, երբ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ Աւստրալիոյ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչը հիւրընկալեցին Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ այն շրջանին արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանին եւ Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանին։ Ի պաշտպանութիւն Արցախի Հանրապետութեան բնիկ հայութեան, ստեղծուած խումբը ձեւաւորման ընթացքին ունէր մօտաւորապէս 40 անդամ, ներկայիս այդ թիւը կը գերազանցէ 70-ը։ Խումբի վերջին համալրողներուն մէջ են ֆետերալ ծերակուտականներ Էնտրիւ Պրեգ եւ Ժանէթ Ռայս, օրէնսդիրներ՝ Նոր Հարաւային Ուելս եւ Հարաւային Աւստրալիա նահանգներու օրէնսդիր մարմիններէն։ Ի դէպ Հարաւային Աւստրալիոյ խորհրդարանը ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը 2020_ի պատերազմի ընթացքին։ Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան ողջունած է խումբի համալրումը՝ շեշտելով, որ աւստրալահայ համայնքը երբեք չի հրաժարիր Արցախի Հանրապետութեան հերոսական ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութենէն։ Կայսերեան յատկապէս դիտել տուած է․ «Անցեալ տարի Արցախի Հանրապետութեան վրայ կատարուած յարձակումներէն վերջ Ատրպէյճանը գրաւեց ոչ միայն պատմական հայկական հողերուն 70 տոկոսը, այլ նաեւ խախտեց միջազգային օրէնքները` պղծելով հայկական մշակութային եւ կրօնական վայրերը, անօրինական ձերբակալելով աւելի քան 150 հայ ռազմագերիներ, որոնց ենթարկած է քաղաքական սակարկութիւններու։ Այս գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ բռնապետ Իլհամ Ալիեւի բաց եւ թշնամական հայատեաց յայտարարութիւնները հայ-աւստրալիական համայնքին համար առաւել մեծ առաջնահերթութիւն կը դարձնեն Արցախի Հանրապետութեան բարեկամներու խումբին յաւելումը: Այս նոր համալրումը աւստրալական ոգիին եւ պատմութեան օրինակ է, երբ խօսքը կը վերաբերի մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան պահպանումին։ Աւստրալիան, ինչպէս Քոսովոյի եւ Արեւելեան Թիմորի պարագային, չի հանդուրժեր ինքնորոշում փնտռող բնիկ ժողովուրդներու վտանգուածութիւնը»: Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբի ջանքերուն հետեւանքով՝ Արցախի աւստրալիացի բարեկամներուն խումբը վերջերս համալրած քաղաքական գործիչները, մինչ այդ ակնառու էին Աւստրալիոյ քաղաքական տարբեր ամպիոններու մէջ Արցախի ժողովուրդի շահերուն պաշտպանութեամբ։