ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-13 Օգոս­տո­սին աւար­տին հա­սաւ Ֆութ­պո­լի Սուր­իոյ հա­ւա­քա­կան­նե­րու առա­ջին շաբթ­ուան մր­ցում­նե­րը: Առա­ջին մր­ցու­մին յաղ­թա­կան դուրս եկաւ Ուահ­տէն, 2-1 ար­դիւն­քով գե­րա­զան­ցե­լով Հար­ճա­լա­յին: Երկ­րորդ մր­ցու­մին Թալ­ի­ա­ան եւ Նաու­ա­ա­ի­րը հա­ւա­սար մնա­ցին:
-ՖԻ­ՊԱ-ի դա­սա­ւոր­ման կար­գով Սուր­իոյ պաս­քե­թի տղոց խում­բը վեր­ջին 20 տա­րի­նե­րուն առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով բա­րե­փո­խեց իր դիր­քը՝ հա­մաշ­խար­հա­յին խում­բե­րու դա­սա­կար­գու­մին  մէջ գրա­ւե­լով 82-րդ տե­ղը, իսկ Աս­իոյ խում­բե­րուն մէջ՝ 16-րդը:
ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ
ԱԼԱՇ­ԿԵՐ­ՏԸ ԱՊԱ­ՀՈ­ՎԵՑ ԻՒ­ՐՈ­ՓԱ-ԼԻ­ԿԻ ՖՈՒԹ­ՊՈ­ԼԻ
ՄՐ­ՑԱ­ՇԱՐ­ՔԻ ՅԱ­ՋՈՐԴ ՓՈՒ­ԼԻ ՏՈՄ­ՍԸ
 Հինգ­շաբ­թի, 12 Օգոս­տո­սին Իւ­րո­փա-Լի­կի ֆութ­պո­լի մր­ցա­շար­քի զտու­մի Գ. փու­լի դար­ձի մր­ցում­նե­րու շր­ջա­գի­ծին մէջ, Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ախոյ­եան «Ալաշ­կերտ»ը, որ Երե­ւա­նի Վազ­գէն Սարգս­եա­նի ան­ուան դաշ­տին վրայ հիւ­րըն­կա­լեց Ղա­զախս­տա­նի Քայ­րաթ եւ յետ եր­կա­րաձգ­ման, 3-2 ար­դիւն­քով յաղ­թա­նակ մը ար­ձա­նագ­րեց, ապա­հո­վե­լով յա­ջորդ փու­լի իր տոմ­սը:
 Եր­կու կազ­մե­րուն մի­ջեւ եր­թի մր­ցու­մը՝ Ալ­մաթիի մէջ, աւար­տած էր 0-0 ար­դիւն­քով:
 Ալաշ­կեր­տի յա­ջորդ մր­ցա­կի­ցը պի­տի ըլ­լայ Սկովտ­իոյ ֆութ­պո­լի ախոյ­եան խում­բը՝ Կլաս­քո­յի Ռէյն­ճըր­զը:
 Միւս կող­մէ, ՖԻ­ՖԱն հրա­պա­րա­կեց աշ­խար­հի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին խում­բե­րու մի­ջազ­գա­յին նոր դա­սա­ւո­րու­մը, որուն մէջ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը եր­կու դիր­քի ոս­տում մը ար­ձա­նագ­րե­լով՝ այժմ կը գրա­ւէ 88-րդ դիր­քը:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ՄԵՍ­ՍԻ ՊԱՅ­ՄԱ­ՆԱԳ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ ԿՆ­ՔԵՑ ՖՐԱՆ­ՍԱ­ԿԱՆ
ՓԱ­ՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐ­ՄԱՆ ԱԿՈՒՄ­ԲԻՆ ՀԵՏ
13 Օգոս­տո­սին քա­թա­լո­ն­է­ա­կան Պար­սա­յի եւ Ար­ժան­թի­նի հա­ւա­քա­կա­նի գե­րաստղ, հա­մաշ­խար­հա­յին ֆութ­պո­լի պատ­մու­թեան բա­ցա­ռիկ ֆութ­պո­լիստ­նե­րէն մէ­կը՝  Մես­սին, փո­խեց իր ակում­բը: Այ­սու­հե­տեւ ան հան­դէս պի­տի գայ Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քի  Փա­րիզ Սան Ժեր­մա­նի կազ­մին մէջ:
Փա­րի­զի մէջ Մեսսիի ժա­մա­նու­մը վե­րած­ուած էր «Փր­կի­չի երկ­րորդ գալստ­եան»: Փա­րիզ Սան Ժեր­մա­նի մար­զա­դաշ­տին մօտ հա­ւաք­ուած էին հա­զա­րա­ւոր երկր­պա­գու­ներ, ոգե­ւոր­ուած կը սպա­սէ­ին Մեսսի­ն:
Այն­տեղ ժա­մա­նե­լով Մես­սի ըսաւ. «Իմ գե­րա­գոյն նպա­տա­կը, երա­զան­քը՝ Փա­րիզ Սան Ժեր­մա­նին հա­մար ՈւԵ­ՖԱ-ի ախոյ­եան­նե­րու լի­կի եզ­րա­փա­կի­չին յաղ­թա­նակ ապա­հո­վելն է»:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ