Շաբաթ, 21 Օգոստոս 2021-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տիար Հրաչ Յակոբեանը: Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, տիար Հրաչ Յակոբեան Սրբազան Հօր զեկուցեց Ազգ. Կեդր. Վարչութեան լիակատար նիստին իր բերած մասնակցութեան մասին, նշելով, որ պսակաձեւ ժահրի համավարակին պատճառով առցանց նիստ գումարուած է Հինգշաբթի 19 Օգոստոս 2021-ին, նախագահութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պարոն Յակոբեան ժողովականներուն տեղեկացուցած է Բերիոյ Հայոց Թեմի եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան ազգային եւ եկեղեցական աշխոյժ կեանքին մասին: Ան մատնանշելով ներկայիս տիրող տնտեսական ծանր իրավիճակը, պարզաբանած է, որ սուրիահայութիւնը այս հանգրուանին եւս օժանդակութեան կարիք ունի՝ հաւաքական աշխատանքով ներկայ կացութենէն դուրս գալու համար: Սրբազան Հայրը իրազեկ դառնալով լիակատար նիստի զանազան օրակարգերուն շուրջ կատարուած քննարկումներուն, գնահատեց տիար Հրաչ Յակոբեանին աչալուրջ աշխատանքը եւ մաղթեց, որ միասնական ճիգերով դուրս գանք մեր առջեւ ծառացած բոլոր դժուարութիւններէն: