Երկուշաբթի, 23 Օգոստոս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած պարագաներուն թիւը սկսած է բարձրանալ։ Այս առիթով Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը շրջաբերական յղած է նախարարութեան ենթակայ տնօրէնութիւններուն եւ հիւանդանոցներուն, որուն մէջ կոչ ուղղած է բժշկական անձնակազմերուն՝ միշտ պատրաստ ըլլալու պսակաձեւ ժահրով վարակուած պարագաներ ընդունելու, զանոնք չմերժելու, մեկուսացման կեդրոններէն ներս անկողիններուն թիւը աւելցնելու, բաւարար թթուածին ապահովելու եւ վարակուած պարագաները լաւ խնամելու։ Կիրակի, 22 Օգոստոս 2021-ին, Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 80 նոր պարագաներ արձանագրուած են, 19 վարակուածներ բուժուած են, 5 ուրիշներ՝ մահացած։ Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 26799-ի, բուժուածներունը՝ 23262-ի, իսկ մահացածներունը՝ 1964-ի։