Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 22 Օգոստոս 2021-ի առաւօտուն, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան։
Քարոզին ընդմէջէն հայր սուրբը պարզաբանեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ արարչագործութեան պատմութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող աղերսը, յայտնելով որ երրորդ օրուան մէջ Աստուած ստեղծեց սերմ տուող խոտերն ու պտղատու ծառերը, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն բուսնիլ եւ պտուղ տալ, նոյնպէս Աստուածամայրը այն ողկոյզն է, որ ծնունդ տուաւ նոր սերմին՝ Քրիստոսին, որպէսզի կեանք տայ մարդոց։
Ան Վերափոխման տօնը համարեց օրհնութեան օր, յայտնելով, որ Աստուած արարչագործութեան եօթերորդ օրը օրհնեց ամբողջ ստեղծագործութիւնը, նոյնպէս Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Վերափոխման տօնին խաղող կ’օրհնէ եւ ժողովուրդին կը բաշխէ։
Հայր Սուրբը հաւատացեալներուն պատուիրեց, որ Սուրբ Պատարագին մասնակցելով իրենց նեղութիւններն ու դժուարութիւնները Սուրբ Խորանին յանձնեն, որպէսզի Քրիստոս օրհնութեան կերպարանափոխէ զանոնք։
Պատարագի աւարտին, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եւ Կրօնական Ժողովի ատենադպիր Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի մասնակցութեամբ Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Քահանայից Դասէն Արժ. Տ. Տաճատ Ա. Քհնյ. Յակոբեանի վախճանման Ա. տարելիցին առիթով։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեանին հարազատները եւ հոգելոյս Արժ. Տ. Տաճատ Ա. Քհնյ. Յակոբեանին երէցկինն ու հարազատները՝ եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս, ուր ան երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ հոգելոյս Քահանայ Հօր անսակարկ ծառայութեան, յատկապէս Տէրիքի մէջ երկար տարիներու իր նուիրական առաքելութեան, ապա «Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած՝ վախճանեալ Քահանայ Հօր հոգիին խաղաղութեան համար:
Սրբազան Հայրը թեմի ժողովականութեան, ժողովուրդին անունով եւ անձնապէս խորազգաց ցաւակցութիւններ յայտնեց հոգելոյս քահանայ հօր երէցկնոջ, զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն։