Շա­բաթ, 21 Օգոս­տոս 2021-ի առա­ւօ­տուն, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եան Ազգ. Առաջ­նոր­դա­րա­նի իր գրա­սեն­եա­կէն ներս ըն­դու­նեց Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ տի­ար Հրաչ Յա­կոբ­եա­նը:
Ջերմ մթ­նո­լոր­տի մէջ ըն­թա­ցող հան­դի­պու­մին, տի­ար Հրաչ Յա­կոբ­եան Սր­բա­զան Հօր զե­կու­ցեց Ազգ. Կեդր. Վար­չու­թեան լի­ա­կա­տար նիս­տին իր բե­րած մաս­նակ­ցու­թեան մա­սին, նշե­լով, որ պսա­կա­ձեւ ժահ­րի հա­մա­վա­րա­կին պատ­ճա­ռով առ­ցանց նիստ գու­մար­ուած է Հինգ­շաբ­թի, 19 Օգոս­տոս 2021-ին, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին:
Պա­րոն Յա­կոբ­եան ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն տե­ղե­կա­ցու­ցած է Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի եւ ընդ­հան­րա­պէս սուր­ի­ա­հա­յու­թեան ազ­գա­յին եւ եկե­ղե­ցա­կան աշ­խոյժ կեան­քին մա­սին: Ան մատ­նան­շե­լով ներ­կա­յիս տի­րող տն­տե­սա­կան ծանր իրա­վի­ճա­կը, պար­զա­բա­նած է, որ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը այս հանգր­ուա­նին եւս օժան­դա­կու­թեան կա­րիք ու­նի՝ հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քով ներ­կայ կա­ցու­թե­նէն դուրս գա­լու հա­մար:
Սր­բա­զան Հայ­րը իրա­զեկ դառ­նա­լով լի­ա­կա­տար նիս­տի զա­նա­զան օրա­կար­գե­րուն շուրջ կա­տար­ուած քն­նար­կում­նե­րուն, գնա­հա­տեց տի­ար Հրաչ Յա­կոբ­եա­նին աչա­լուրջ աշ­խա­տան­քը եւ մաղ­թեց, որ մի­աս­նա­կան ճի­գե­րով դուրս գանք մեր առ­ջեւ ծա­ռա­ցած բո­լոր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րէն: